Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բաբլոյեան Մտահոգութիւն Յայտնած Է Երկրին Մէջ Ստեղծուած Իրավիճակին Առնչութեամբ Եւ Խստօրէն Քննադատած Վարչապետը

August 21, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազգային ժողովի նախագահ Արա Բաբլոյեան խոր մտահոգութիւն յայտնած է երկրին մէջ  ստեղծուած իրավիճակին առնչութեամբ եւ խստօրէն քննադատած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը:

«Երկրի հասարակական-քաղաքական բնականոն կեանքը, պետական իշխանութեան մարմիններու սահմանադրական-իրաւական յարաբերութիւնները եւ հանրային համերաշխութիւնը վտանգուած են», յայտարարած է Ազգային ժողովի հանրապետական նախագահ Արա Բաբլոյեան: «Հասարակութիւնը իրարամերժ խումբերու` յեղափոխութեան եւ հակայեղափոխութեան կողմնակիցներու բաժնելու եւ անհանդուրժողականութիւնը խորացնելու վտանգաւոր միտումներ կը տեսնեմ», նշած է ան:

Բաբլոյեան, յատկապէս, յղում կատարած է 17 օգոստոսի հանրահաւաքի վարչապետ Փաշինեանի հնչեցուցած ձեւակերպումներէն մէկուն` «Ուրեմն ես խորհուրդ կու տամ բոլորին խօսելէ առաջ մտածել, յետոյ ալ կ՛ըսեն մեր խօսքի ազատութիւնը կը սահմանափակէք: Դուք դեռ պէտք է խօսելէ առաջ մտածել սորվիք, որ յետոյ ձեր խօսքի ազատութեան իրաւունքին մասին մտածէք», եւ կարծիք յայտնած, որ ատիկա «ուղղակի ոտնձգութիւն է այլակարծութեան նկատմամբ»:

Ազգային ժողովի նախագահը նաեւ յայտարարած է, որ դատաւորներու  հասցէին «մատ թափ տալն» ու այլախոհներուն Ազգային անվտանգութեան ծառայութեամբ սպառնալը «ոչ միայն ճնշում է դատական իշխանութեան, այլեւ առհասարակ երկրին մէջ հակառակ կարծիք ունեցող ոեւէ մարդու նկատմամբ»:

Արա Բաբլոյեան վարչապետի խօսքին մէջ նշմարած է Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրական կարգի, պետականութեան հիմքերու համար խիստ վտանգաւոր ուղերձներ: «Յատկապէս, գործադիր իշխանութեան ղեկավարին կողմէ «Խելքներդ գլուխներդ հաւաքէք» դիմելաձեւը դատաւորներուն պարզապէս սպառնալիք է դատական իշխանութեան անկախութեան, միջամտութիւն է բոլոր ընթացիկ եւ հետագային յարուցուելիք դատական քննութիւններուն, որոշումներուն: «Անցումային արդարադատութեան» թեզին ներքեւ ներկայացուեցաւ օրէնքներուն յետադարձ ուժ տալու հակաիրաւական ակնարկ», ըսած է Ազգային ժողովի նախագահը:

Արա Բաբլոյեան նաեւ անդրադարձած է սահմանադրական փոփոխութիւններ իրականացնելու մասին Փաշինեանի յայտարարութեան` նշելով. «Ազգային ժողովին մէջ սահմանադրական փոփոխութիւններու հաւանական իրականացումը, այն ալ ցանկալի արդիւնքը որեւէ եղանակով ապահովելու սպառնալիքով, ակնյայտ ճնշում եւ պարտադրանք է օրէնսդիր իշխանութեան նկատմամբ: Ինծի համար ասիկա աւելի անհասկնալի է, քանի որ սպառած չէին այդպիսի քննարկումներու եւ որոշումի կայացման կարելիութիւնները խորհրդարանին մէջ»:

Ստեղծուած իրավիճակը քննարկելու նպատակով Ազգային ժողովի նախագահը կը նախատեսէ հանդիպումներ հանրապետութեան նախագահին, հանրապետութեան վարչապետին, Մարդու իրաւունքներու  պաշտպանին, Բարձրագոյն դատական խորհուրդի եւ միջազգային դիւանագիտական առաքելութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ:

«Հաւատարիմ մնալով իր սահմանադրական առաքելութեան` կը վստահեցնեմ, որ Ազգային ժողովը պիտի շարունակէ իրականացնել օրէնսդրութեամբ իրեն վերապահուած լիազօրութիւնները»,  յայտարարած է Ազգային ժողովի նախագահը:

 

Նախորդը

Խաչատրեան. «Հայկական Դրամի Նկատմամբ Ռուբլիի Արժեզրկման Առումով Երկու Վտանգ Կայ»

Յաջորդը

Ակնարկ. Պատժամիջոցներու Կաթիլային Գործողութիւններ

RelatedPosts

Ակնարկ.  Մրցակից-Գործակից Միջնորդներ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Մրցակից-Գործակից Միջնորդներ

October 29, 2026
Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Արդիւնքը  Այսօր Երեկոյեան Կը Սպասուի
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Արդիւնքը Այսօր Երեկոյեան Կը Սպասուի

October 29, 2026
Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին
Գլխաւոր լուրեր

Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.