Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խաչատրեան. «Հայկական Դրամի Նկատմամբ Ռուբլիի Արժեզրկման Առումով Երկու Վտանգ Կայ»

Օգոստոս 21, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Եթէ արտահանումներու զգալի մասը կ՛ուղղուի որեւէ երկիր, ապա արտահանումը վտանգաւոր կը դառնայ նաեւ փոխարժէքներու  տատանումներու իմաստով: Այս մասին «Թերթ»-ին հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսաւ գիւղատնտեսութեան նախարար Արթուր Խաչատրեան` անդրադառնալով հայկական դրամի նկատմամբ ռուբլիի արժեզրկման պատճառով Հայաստանի արտահանողներուն համար յառաջացած խնդիրներուն:

Նախարարը հայկական դրամի նկատմամբ ռուբլիի արժեզրկման առումով երկու վտանգ նկատեց: «Առաջինը. մեր արտահանումները կը դառնան աւելի ոչ եկամտաբեր, քանի որ ենթադրենք, որ գիւղացին ծիրանը կամ կեռասը կը վաճառէր հարիւր ռուբլիով, որ երկու ամիս առաջ 770 դրամ կը հաշուէր, հիմա ատիկա կը դառնայ 710-715 դրամ», ըսաւ ան եւ նշեց, որ երկրորդ խնդիրը կը վերաբերի ներածումներուն:

«Այստեղ խնդիրը արտահանման եւ ներածման շուկաներու բազմատեսակութիւնն է», ըսաւ ան: Ինչ կը վերաբերի արտահանողներուն գիւղատնտեսութեան նախարարութեան աջակցութեան, ապա Արթուր Խաչատրեան ըսաւ, թէ կը փորձեն օգնել արտահանողներուն, որպէսզի դուրս գան այլ շուկաներ` արտարժութային վտանգը նուազեցնելու համար:

«Արտահանման աշխուժութիւնը ցոյց կու տայ, որ մենք այս տարի   արտահանած ենք անցեալ տարուան ընթացքին արտահանման չափով: Այսօրուան դրութեամբ մենք արդէն արտահանած ենք 121 հազար թոն, իսկ ամբողջ անցեալ տարին մենք արտահանած ենք 120 հազար թոն  պտուղ-բանջարեղէն: Բողոքներ չկան, արտահանումը բաւական լաւ կ՛ընթանայ», ըսաւ ան եւ նշեց, որ միայն թեքնիք հարցեր ծագած են Լարսի հատուածին մէջ` ծանրաբեռնուածութեան պատճառով: Ըստ անոր, ամէն պարագայի արտահանումը ներկայիս ալ շահութաբեր է. եթէ չըլլար, չէին արտահաներ:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ Կեդրոնական դրամատան դիմելու անհրաժեշտութիւն չե՞ն տեսներ, որպէսզի միջամտութիւն իրականացնէ, Արթուր Խաչատրեան  ըսաւ, թէ Կեդրոնական դրամատան հետ որոշակի քննարկումներ ունեցած են, նաեւ վարչապետին հետ` դրամավարկային քաղաքականութեան եւ արտահանումներու վերաբերեալ, բայց անոնք Կեդրոնական դրամատան լիազօրութիւններն են:

«Գիւղատնտեսութեան նախարարութիւնը շահագրգռուած է, որ պտուղ-բանջարեղէնի եւ ընդհանրապէս մթերքի արտահանումը շատնայ, մենք ինչ որ ձեւով կ՛աջակցինք արտահանողներուն, որպէսզի արտահանման աշխարհագրութիւնը նոյնպէս մեծնայ», ըսաւ ան:

 

 

Նախորդը

Դատախազութիւնը Բողոքարկած Է Քոչարեանը Կալանքէ Ազատելու` Վերաքննիչ Դատարանի Որոշումը

Յաջորդը

Բաբլոյեան Մտահոգութիւն Յայտնած Է Երկրին Մէջ Ստեղծուած Իրավիճակին Առնչութեամբ Եւ Խստօրէն Քննադատած Վարչապետը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»
Գլխաւոր լուրեր

Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?