Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թաթոյեան. «Ձեռնպահ Պէտք Է Մնալ Այնպիսի Գործողութիւններէ, Որոնք Կրնան Վտանգել Դատարանի Կամ Դատաւորի Անկախութիւնը»

Օգոստոս 20, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մարդու իրաւունքներու պաշտպան Արման Թաթոյեան տարածած է յայտարարութիւն մը` անդրադառնալով վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի մտքերուն` անցումային արդարադատութեան մարմիններ ձեւաւորելու վերաբերեալ: Յայտարարութեան մէջ կը նշուի.

«1. Անցումային արդարադատութեան մարմիններ սովորաբար կը ձեւաւորուին այն երկիրներուն մէջ, ուր յանցագործութիւններու, որոնց կարգին` զինուած բախումներու եւ նման այլ իրադարձութիւններու պատճառով տեղի կ՛ունենան իրաւունքներու զանգուածային ու բնոյթով անվերահսկելի խախտումներ: Այդ պարագային իրավիճակը կը յատկանշուի անով, որ երկրին մէջ, իբրեւ կանոն, յանցաւորութեան դէմ պայքարի ու դատական համակարգերը չեն գործադրուիր ընդհանրապէս կամ ի վիճակի չեն ապահովելու յանցաւորութեան դէմ պայքարն ու արդարադատութիւնը յատուկ գործերու առանձնայատկութիւններով պայմանաւորուած: Անցումային արդարադատութիւնը ինքնին, իբրեւ կանոն, կ՛ենթադրէ զիջումներ իրաւունքներու պաշտպանութեան համակարգին մէջ: Հետեւաբար, չափազանց բարձր են այն չափանիշները, որոնց պարագային կարելի է գործադրել անցումային արդարադատութեան համակարգ որեւէ երկրի մէջ: Միջազգային փորձին մէջ առկայ են օրինակներ, որոնք կը վկայեն իրաւունքի գերակայութեան համար անոր վտանգաւոր հետեւանքներուն մասին, այդ կարգին` իրաւունքներու պաշտպանութեան երկարաժամկէտ հեռանկարի տեսանկիւնէն:

Պէտք է ամէն պարագայի նկատի ունենալ մեր երկրին  Սահմանադրութեան պահանջը` որ կ՛ըսէ, թէ հանրային իշխանութիւնը սահմանափակուած է մարդու եւ քաղաքացիի հիմնական իրաւունքներով եւ ազատութիւններով` իբրեւ անմիջականօրէն գործող իրաւունք:

Ընդ որում, այս պահանջը պաշտպանուած է փոփոխութեան ենթարկուելու անկարելիութեան բացարձակ արգելքով: Մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան միջազգային համակարգը  ընդհանրապէս անցումային արդարադատութեան մարմիններու  ձեւաւորման ու գործունէութեան հարցին մէջ խիստ պահանջներ կը  սահմանէ: Այս հարցով Մարդու իրաւունքներու պաշտպանին կողմէ  նախաձեռնուած է համապարփակ ուսումնասիրութեան հոլովոյթ:

2. Դատարաններու հետ կապուած պէտք է նախ եւ առաջ նկատի ունենալ, որ պետական իշխանութիւնը կ՛իրականացուի օրէնսդիր, գործադիր եւ դատական իշխանութիւններու բաժանման ու հաւասարակշռման հիման վրայ: Ասիկա ալ իր կարգին կ՛ենթադրէ դատական իշխանութեան բացարձակ անկախութիւն ինչպէս օրէնսդիրէն ու գործադիրէն, նոյնպէս ալ անոնցմէ դուրս որեւէ այլ մարմինէ կամ անձէ: Պէտք է յիշել, որ դատարանը ոչ թէ յանցաւորութեան դէմ պայքարի, այլ արդարադատութիւն իրականացնող մարմին է: Հայաստանի դատական համակարգին մէջ, վստահաբար, կան խնդիրներ, որոնց կարգին` դատարաններու արտաքին ու ներքին անկախութեան, փտածութեան դրսեւորումներու, դատարանի նկատմամբ քաղաքացիի վստահութեան պակասի եւ արդար դատաքննութեան լիարժէք երաշխաւորման առնչութեամբ: Աւելի՛ն, Մարդու իրաւունքներու պաշտպանին հասցէագրուող բողոքները կը վկայեն, որ առկայ են դէպքեր, երբ առանձին դատաւորներ իրենց վարքագիծով կը վնասեն դատական համակարգի հեղինակութեան: Այս բոլորը նաեւ չքաղուած դասերու եւ այն բանի հետեւանք են, որ նախկին շրջանին պատշաճ ուշադրութեան չեն արժանացած ոլորտի խնդիրները: Անոնց մանրամասն անդրադարձ կատարուած է Մարդու իրաւունքներու պաշտպանի հաղորդումներուն եւ զեկուցումներուն մէջ:

Սակայն այս բոլորով հանդերձ, առկայ խնդիրներու լուծման պէտք է հասնիլ հետեւողական, այդ կարգին` կարծր, բայց բացառապէս իրաւական եղանակներով: Այդ ամբողջ հոլովոյթին մէջ միեւնոյն է` գլխաւոր եւ բնոյթով բացառիկ յանձնառութիւնը պէտք է ըլլայ դատական իշխանութեան անկախութեան բարձր արժէքի երաշխաւորումը, որ ուղղակի ազդեցութիւն կ՛ունենայ արդար դատաքննութեան սահմանադրական իրաւունքին վրայ: Այստեղէն կը բխի  սահմանադրական ուղիղ պահանջը այն մասին, որ պետական եւ տեղական ինքնակառավարման մարմիններն ու պաշտօնատար անձեր  պարտաւոր են ձեռնպահ մնալ այնպիսի գործողութիւններէ, որոնք կրնան վտանգել կամ վնասել դատարանի կամ դատաւորի անկախութիւնը: Այդ ամբողջ ընթացքին ալ դատարաններու եւ դատաւորներու անկախութեան բարձր արժէքը կ՛ապահովուի  Բարձրագոյն դատական խորհուրդի սահմանադրական յանձնառութեամբ»:

 

Նախորդը

Նախագահ Աուն Ցաւակցութիւն Կը Յայտնէ Քոֆի Անանի Մահուան Սուգին Առիթով

Յաջորդը

Նախագահ Բակօ Սահակեան Հայաստանի Զինուած Ուժերու Ընդհանուր Հրամանատարին Հետ Քննարկած Է Բանակաշինութեան Վերաբերող Շարք Մը Հարցեր

RelatedPosts

Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»
Գլխաւոր լուրեր

Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?