Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Ճատրակի Բազմակողմանի
Խաղ – Առաջին Հարթակ
Ինչպէս յեղակարծ որեւէ փոփոխութեան ենթարկուած որեւէ երկրի քաղաքական կեանքին մէջ, նոյնպէս ալ` Հայաստանի պարագային, «Թաւշեայ յեղափոխութիւնը» սկիզբ տուաւ փոփոխութիւններու փուլի մը, զոր կարելի է համեմատել ճատրակի խաղի հետ. դասական ճատրակի կողքին, կայ նաեւ այլ խաղ մը, որ կը զարգանայ մէկէ աւելի հարթակներու, ցած ու բարձր մակարդակներով տախտակներու վրայ, բաւական բարդ խաղ, որ դասականին չափ ընդհանրացած չէ, մրցողները կը դնէ խրթին բարդութիւններու դիմաց: Կարելի է նաեւ ներկայ խաղը նմանցնել ճատրակի վարպետի մը այն մրցումներուն, զորս ան կը մղէ միաժամանակ տասնեակ մը մրցակիցներու դէմ:
Այսօր շատ աւելի յստակ է, որ Հայաստանի մէջ խաղցուող ճատրակի խաղը սկիզբ չառաւ Նիկոլ Փաշինեանի քայլարշաւի ու վարչապետութեան պաշտօնին հասնելու օրերուն, այլ անիկա յայտնապէս սկիզբ առած էր ու բաւական խմորում ապրած` անկէ շա՜տ աւելի առաջ, եւ խաղցուած է բազմահարթակ ճատրակի մօտեցումով: Չենք ուզեր տարուիլ այն հարցականներով կամ մեկնաբանութիւններով, թէ նման խաղի մը պատրաստութեան մէջ արդեօք արտաքին կողմեր դերակատար էի՞ն, կամ ներշնչում տուի՞ն… 23 ապրիլին, երբ Փաշինեանը` յոխորտացող Սերժ Սարգսեանի երեսին կը նետէր, որ ան իրականութենէն կտրուած է եւ չի գիտեր, թէ իր քողարկուած սպառնալիքները հիմք չունին, սկսուած խաղին տարողութիւնը ա՛յսքան յստակ չէր: Յաջորդ օրերը, ցոյցերուն հետեւած զարգացումներն ու նոր իշխանութեան կազմաւորման արագ ընթացքը ցոյց տուին, որ «տակից» բաւական ճամբայ կտրուած էր երկար ատենէ ի վեր: Փաստօրէն նոր կառավարութեան մէջ պաշտօնի հասան եւ անմիջապէս գործի անցան բազմաթիւ նորեկներ. ուժական համակարգին (բանակ, ոստիկանութիւն, անվտանգութեան ծառայութիւն…) եւ արդարադատութեան մարզին մէջ մեծ փոփոխութիւններ տեղի ունեցան բազմաթիւ գիծերու վրայ, նաեւ` բազմաթիւ մարզերու, քաղաքներու եւ գիւղերու, երկիրը մարմնաւորող տարբեր ոլորտներու մէջ. պաշտօնի կոչուեցաւ փաղանգ մը, որ քանի մը օրուան ծնունդ չէր: Այս բոլորը արձանագրուած են նախկին իշխանութիւններուն եւ կուսակցութեանց «քիթին տակ»:
Լրատու աղբիւրներու տեղեկատուութեանց եւ հրապարակային քննարկումներուն մէջ այս բոլորը շատ լայն տեղ ունին, սակայն հազիւ թէ ակնարկութիւններ կ՛ըլլան քաղաքական նոր խմորումներուն, խմբակցութիւններու վերադասաւորման ու դաշինքներու վերատարազումին մասին: Այս ոլորտին մէջ կան որոշ չափով բացայայտ, սակայն նաեւ լուսարձակներէ հեռու ինկող զարգացումներ: Երբեմն պէտք է տողերուն միջեւ կարդալ… Բացայայտ (եւ` նախատեսելի) զարգացումներէն մէկն է նախորդ իշխանաւոր կուսակցութեան` Հանրապետականին «մաշումը» (իսկ Երկրապահներու պարագան կը նմանի ստորակէտի մը). պատգամաւորներ ու որոշ անհատներ հեռացան այս խմբակէն, որ բազմաթիւ ծանօթ պատճառներով զրկուած է ուժական ընդդիմադիրի մը դերէն: Միւս կողմէ` սկսած են «վերարժեւորուիլ» նսեմացած ու լուսանցքային դարձած կարգ մը կուսակցութիւններ, որոնք արդարօրէն կամ անարդար կերպով դուրս ինկած են այժմու խորհրդարանէն: Շօշափելի նախանշաններ կան նոր կուսակցութեանց կազմաւորման` յառաջիկայ ընտրութեանց մասնակցելու յաւակնութեամբ (հաւանաբար նաեւ` այժմու պատկերը հիմնական փոփոխութեան ենթարկելու նպատակով, կառավարող վերնախաւին խճանկարը վերադասաւորելու դիտաւորութեամբ): «Ելք» դաշինքն ալ անաղմուկ փոփոխութիւններ կը կրէ. երէկի սերտ դաշնակիցներուն եւ բեմեր բաժնեկցողներու միջեւ նշմարելի են մանր «բացութիւններ», որոնք կրնան առիթ տալ նոր զարգացումներու, կամ` երէկի դաշնակիցներուն միջեւ գործակցութեան նոր տարազներու: Օրինակ մը տալու համար արձանագրենք այն լուռ հակադրութիւնը, որ ստեղծուած է Փաշինեանի կառավարութեան քուէ տուող Ծառուկեանի Բարգաւաճ Հայաստանին կարգ մը քայլերով` «քաղաքական բանտարկեալներ»-ու հարցերով (իրողապէս գերհզօր դարձած) Ազգ. անվտանգութեան ծառայութեան ու դատական իշխանութեանց դէմ երթալու իմաստով: Տաւուշ այցելութեան օրերուն, քանի մը օր առաջ, վարչապետը հաստատեց, որ Հայաստանի մէջ ներկայիս կայ կառավարական համաձայնութիւն, սակայն ոչ` դաշնութիւն` քոալիսիոն… Ի դէպ, նշմարելի էր, որ այս ու նախընթաց նման այցելութիւններ որոշ չափով կը կրէին ընտրարշաւի կնիք: (Մտային մարզանքի համար արձանագրենք. «Ելք»-ի անդամ կուսակցութիւնները վաղը` խորհրդարանական յառաջիկայ ընտրութիւններուն կրնան մասնակցիլ առանձնապէս կամ նոր համաձայնութիւններու տարազներով, յաջորդ խորհրդարանին մէջ կազմելու համար բազմակուսակցական «դաշնութիւն» մը, իրենց տրամադրութեան տակ բերելով աթոռներուն մեծ մասը, միաժամանակ վերադասաւորելով այն տարազը, որուն հիմամբ Փաշինեան շահեցաւ վարչապետ նշանակման քուէները: Վարչապետը արդէն ակնարկութիւն ըրած է, որ իր կուսակցութիւնը` Քաղաքացիական պայմանագրութիւնը կը մտածէ առանձին մտնել խորհրդարանական ընտրապայքարի դաշտ, իսկ այժմու համաձայնութիւնը պարտադիր չէ կառավարութեան մաս կազմող անդամներուն…):
Եւ այս բոլորին մէջ անբնական եւ արտառոց ոչինչ կայ: Բնական է, որ նոր իշխանութեան հասնող անձ մը կամ կուսակցութիւն մը պիտի փորձէ կարելի ամէն միջոցի դիմել, որպէսզի ինքզինք ամրապնդէ ու իր իշխանութիւնը կայունացնէ բոլոր մակարդակներուն վրայ, ոլորտներուն մէջ. այսօրուան իշխանութիւնը աւանդական այս խաղը կը խաղայ բռնարարքներէ եւ հակաօրինական ձեւերէ ետ կանգնելու քայլերով ու խոստումներով, ինքզինք նոյնացուցած է ժողովուրդին հետ, կը խոստանայ ամէն բարիք, այդ ուղղութեամբ ալ գործնական քայլեր կ՛առնէ. Փաշինեանը յայտարարած է, որ իր շարժումը չի կրնար ձախողիլ, որովհետեւ ատիկա պիտի նշանակէ ժողովուրդին պարտութիւնը:
Պարզ խօսքով, բազմահարթակ ճատրակի խաղին առաջին տարածքը խորհրդարանական յառաջիկայ ընտրութիւններն են անկասկած: Մինչեւ այդ հանգրուանը` ներկայ փուլը պիտի ըլլայ տարբեր խմորումներու շարունակման շրջանը: Նոր խորհրդարանի կազմութենէն ետք շատ աւելի յստակ պիտի դառնայ, թէ իշխանութիւն (կառավարութեան անդամներ, դաշնակիցներ ու գործակիցներ) եւ ընդդիմադրութիւն` ուժերու հաւասարութեան-անհաւասարութեան ի՞նչ պատկեր պիտի պարզեն: Այսօրուան իրադարձութիւնները կրնան միայն խելամիտ նախատեսութիւններու առիթ ստեղծել, եթէ մեր ակնարկները չբանտարկեն օրը օրին զարգացող դէպքերու եւ լրատութեան ճամբով զանգուածներուն հրամցուող իրողութիւններու շրջագիծին մէջ:
Վերոյիշեալ բնական զարգացումներուն, այսինքն նորերուն ենթահող ամրացնելու ճիգին մէկ այլ արտայայտութիւնն է ուղղակի եւ անուղղակի քարոզչութիւնը, որուն գլխաւոր խորագիրն է «նոր Հայաստան պիտի կերտենք»-ը, որ գործնական արտայայտութիւններ կը գտնէ նախկին կարգ մը ծրագիրներու կամ աշխատանքներու իրական կամ ձեւական անուանափոխութեամբ: Սա տեղի կ՛ունենայ բազմաթիւ գիծերու վրայ. նախկին չարաշահներու եւ մենաշնորհեալներու հետապնդումները եթէ արդարութիւն եւ պետութեան իրաւունքներու վերականգնումը կը վկայեն, յաճախ ընդհանուրին ուշադրութենէն կը վրիպի, որ որոշ գայթակղութեան մը մասին օրեր շարունակ բարձրացած տեղի՛ն աղմուկն ու լրատուութիւնը ատեն մը ետք կը դադրի կամ կը ծանծաղի, անհատներ կամ ընկերութիւններ դուրս կը մղուին կիզակէտային լուսարձակներէ, եւ այդ` ո՛չ միայն նոր հարցի մը կամ գայթակղութեան մը բացայայտման պատճառով:
Նախկին իշխանութեանց անդամներու ու մենաշնորհեալներու դէմ հետապնդումները, այսուամենայնիւ, կը ստեղծեն այնպիսի մթնոլորտ, որ` անցեալի իշխանութեանց օրով Հայաստանի մէջ գրեթէ ամէն բան վատ էր (այո՛, շատ վատ բան կար), դրական ոչինչ տեղի չէ ունեցած` ո՛չ ներքին եւ ոչ ալ պաշտպանական ու արտաքին-դիւանագիտական գետիններու վրայ: Սա կրնայ դիտաւորեալ չըլլալ, ոչ ալ նմանակումը համայնավարութեան օրերու` նախկին իրագործումները մերժելու եւ «նոր դարաշրջան» կերտելու յաւակնութեանց: Պէտք է պատմութեան սիրոյն արձանագրել, որ նախորդ իշխանութիւններուն օրով ըստ բաւականին յառաջխաղացքներ արձանագրուած են վերանկախացած մեր հայրենիքին մէջ` երկրի զարգացման, պաշտպանական, դիւանագիտական եւ այլ գետիններու վրայ: Ուրեմն, պէտք է դրական իրագործումներու ոլորտը ազատ պահենք չարաշահութկեանց դէմ արդարութիւն ընելու ոլորտէն: Պարզ օրինակ մըն է այն, որ Արցախի հարցին շրջագիծին մէջ, խորհրդային օրերուն` պարտադիր, իսկ վերանկախացման յաջորդած առաջին տարիներուն ինքնակամ զիջողականութիւնը (Ազրպէյճանին հող զիջինք, որպէսզի խաղաղ ապրինք տրամաբանութիւնը) այսօր փոխարինուած է իրաւունքներու տիրութեան համաժողովրդային կամքով: (Չենք արհամարհեր, որ արցախեան պատերազմի շղթայազերծման թէ 2016-ի ապրիլեան պատերազմի օրերուն իրաւատիրական կամքը գործնական նո՛յն արտայայտութիւնը ունեցաւ): Յետանկախութեան բարեշրջումներն ալ ուղղակի շարունակութիւնն էին… խորհրդային տարիներու առաւել կամ նուազ իրագործումներուն, որքան ալ որ այսօր ատելի նկատուին խորհրդային տարիները (թէեւ ոմանց մէջ այդ օրերու երանաբաղձութիւնը չէ մարած…): Երկրի մը զարգացման ընթացքը տեսնելու եւ դատելու համար անցեալի թերութիւնները քննադատելը եւ զանոնք չկրկնելը հրամայական են, սակայն սպասելի է նաեւ, որ անցեալ տասնամեակներուն, անցեալ աւելի քան մէկ դարուն մեր երկրին ու ժողովուրդին կեանքին մէջ դրուած հիմերն ու անոնց վրայ բարձրացող կառոյցները նոր կորովով, որակով, մաքուր ձեռքերով զարգացուին, հիմերն ու կառոյցներուն պատերը ամրանան, նոր քարեր աւելնան նախկիններուն վրայ` փոխարինելով տկար կամ թոյլ քարերը: Մէկ խօսքով, պետութեան եւ երկրի կառուցումը արագանայ:
Նոր խորհրդարանի կազմութիւնը վստահաբար նոր կնիք մը պիտի դնէ երկրի կառավարման նոր դրութեան վրայ. ինչպէս ծանօթ է, Հայաստան անցած է նախագահականէ խորհրդարանական իշխանութեան դարաշրջան, ուր վարչապետը դարձած է աւելի հեղինակաւոր, քան` հանրապետութեան նախագահը (նախկին դրութեան մէջ հակառակն էր): Ընտրութեանց փուլէն ետք պիտի բացուի նոր փուլ մը, ուր վստահաբար վերջ պիտի գտնէ կառավարութեան իրողապէս ինքնակամ գործելու եղանակը եւ խորհրդարանը պիտի վերականգնէ իր ամբողջական դեր: Հիմա ականատես ենք կառավարական որոշումներու եւ նոր օրէնքներու որդեգրման ձեւի մը, որ կլասնոսթի դրութեամբ կը ցուցադրուի պատկերասփիւռէն (վարչապետը ի սկզբանէ խոստացած էր կառավարութեան նիստերը բաց պահել մամուլին առջեւ եւ «գաղտնի» որոշումներ չտալ). խորհրդարանի արձակուրդի շրջանը առիթ կու տայ, որ անոր օրէնսդիրի դերը գործնապէս լուսանցքայնանայ, թէեւ արդար ըլլալու համար պէտք է արձանագրել, որ կառավարական կարգ մը որոշումներ ատենին խորհրդարանէն անցան եւ որդեգրուեցան մեծամասնութեան քուէով` ցոյց տալով, որ համախոհական գետիններ կրնան ստեղծուիլ իշխանութեան եւ ընդդիմութեան միջեւ: Իրողական մէկ այլ պատկեր է այն, որ լրատու աղբիւրներն ու մեկնաբանութիւնները առաւելաբար կեդրոնացած են վարչապետին վրայ, նախարարներու այլ գործակիցներ անհամեմատօրէն նուազ կ՛երեւին իրենց գործերուն մէջ, իսկ նախագահը կարելի է նկատել գլխաւոր բացական` բացի արարողական որոշ առիթներէ: Իսկ բոլորովին այլ հարց է, թէ խորհրդարանական մեծամասնութիւն ապահովելու յաւակնող այսօրուան իշխանաւորները արդէն իսկ իրենց կողքին կրնան ունենալ «համախոհ» խորհրդարան մը…
Ճատրակի խաղին մէկ այլ տարածքն ալ նոր իշխանութիւնը փորձաքարի զարնող քայլերն էին, որոնք օրին որոշ աղմուկ բարձրացուցին, սակայն հիմա ջուրը գտած է իր ընթացքը: Օրինակներ էին (բայց` ոչ միակը) կենսաթոշակի կուտակային պարտադիր դրութեան որդեգրումի հարցը, կաթողիկոսութեան շուրջ ստեղծուած ծանօթ շարժումն ու կարգ մը հանքերու գործունէութեան մասին ցոյցերն ու ընկերակցող իրադարձութիւնները: Կուտակայինի հարցը նոր կառավարութիւնը մատնեց մանր տագնապի մը, երբ խնդրոյ առարկայ նախարարը հրաժարական տուաւ, իսկ այլ նախարար մը հրապարակաւ հակադրուեցաւ վարչապետի պնդումներուն: Հարցը գտաւ բարի լուծում, հրաժարեալը վերադարձաւ իր աշխատանքին, եւ գործերը կը շարունակուին բնական ընթացքով: Կաթողիկոսարանին մէջ շաբաթներ շարունակ շարունակուած աղմկայարոյց զարգացումները մարեցան. վստահաբար շարժումը գլխաւորող նախկին հոգեւորականին կարգազրկումը մոգական միակ գաւազանը չէր, այլ պէտք է տեսնել նաեւ, որ տեղ մը իշխանութիւնները չյայտարարուած ետդարձ մը կատարեցին «եկեղեցւոյ ներքին հարցերուն չմիջամտելու» հրապարակուած կեցուածքէն, եւ նման պատկերի մէջ պէտք չէ արհամարհել այն պահանջները, որոնք հրապարակ եկան մէկէ աւելի կողմերէ` «եկեղեցին անձերէ վեր` ազգային հաստատութիւն նկատելու» հայեցակէտով: Հանքերու եւ կարգ մը այլ մեծ գործատուներու շուրջ ստեղծուած տագնապներն ալ հիմա որոշ չափով հեռու ինկած են լուսարձակներէ (անկախ անկէ, թէ նման հարցեր բարւոք լուծում գտա՞ծ են, թէ՞ ոչ, կամ` շահատուրքերէ խուսափողներէն գանձուող հին պատքերը ի վերջոյ ինչպէ՞ս պիտի օգտագործուին ի շահ պետութեան ու ժողովուրդին):
Այս բոլորը կ՛արձանագրենք` առանց յետին նպատակներու, այլ նաեւ զանոնք կը դիտենք իբրեւ բնական զարգացումներ` ինքզինք որոնող եւ ամրապնդող իշխանութեան մը փորձարկումներուն իբրեւ բնական արտայայտութիւն:
Այսօրուան սիւնակներուն մէջ փորձեցինք ճատրակի խաղը դիտել նորագոյն զարգացումներուն եւ մեզ խորհրդարանական ընտրութիւններ հասցնող փուլի հարթակին վրայ: Այլ հարթակներու եւ ուղղութիւններու մասին` առանձին:
1էն-12 Օգոստոս 2018