Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Դրական Զարգացումներու Ենթահողը
Այս օրերուն Հայաստանի նոր իշխանութիւնը կը կտրէ հոգեբանական հանգրուան մը. Նիկոլ Փաշինեանի հռչակած «Թաւշեայ յեղափոխութեամբ» կազմաւորուած նոր իշխանութիւնը, որ լոկ կառավարական փոփոխութիւն չէր, այլ, բառին լայն իմաստով, իշխանափոխութիւն` խաղաղ յեղաշրջումի միջոցով, կը բոլորէ առաջին 100 օրերու շրջանը, որ, ըստ քաղաքական աշխարհի աւանդութիւններուն, բաւարար ժամանակ կը նկատուի նորեկին բռնած ուղղութիւնն ու ծրագիրները կշռադատելու համար: Սա պայմանական ժամանակաշրջան մըն է անշուշտ, հետեւաբար նոր իշխանութեան մը նկարագիրին յստակացման համար երբեմն պէտք չ՛ըլլար այդքան սպասել, կամ ալ անհրաժեշտ կ՛ըլլայ աւելի երկար սպասել:
Բոլոր եղելոյթները ցոյց կու տան, որ 100 օրերու պայմանական այս շրջանը բաւարար չէ լիարժէք վկայական մը տալու նոր իշխանութեան, որ մայիսէն ի վեր իրագործեց ահագին դրական քայլեր, ստեղծեց յոյսի մթնոլորտ, ուրախութիւն տարածեց ժողովուրդին մէջ, սակայն նաեւ պէտք է անդրադառնալ, որ ստեղծուած փոթորիկէն բարձրացած փոշին պէտք է «նստի», ժողովուրդի զգացումներու հրահրումով (populism) ու անոր ալիքներուն վրայ ստեղծուած զգացականութեան փուլը պէտք է մեր ետին թողունք, որպէսզի տեսնենք, թէ ինչպիսի՛ մեծ հարցականներ կը կանգնին իշխանութեան ու անոր հետ` մեր հայրենիքին ու ժողովուրդին դիմաց: Վարչապետ Փաշինեանին` հրաւիրած հանրահաւաքը` 100 օրերու լրումին առիթով, 17 օգոստոսին, վստահաբար ընդհանուր պատկեր մը պիտի պարզէ առաւելաբար դրական իրագործումներուն մասին:
***
Առաջին ակնարկով անվիճելի է, որ Հայաստանի մէջ ստեղծուած է դրական զարգացումի երթ մը, արձանագրուած են շօշափելի քայլեր, որոնք բարիք կը բերեն, կամ` կը խոստանան երկրին ու ժողովուրդին, յոյսով կը համակեն նաեւ սփիւռքեան գաղութները: Բարիին սպասումի ԶԳԱՑՈՒՄը տիրապետող է ամէն տեղ` հիմնուելով ընդհանրապէս խաղաղօրէն իրականացող քայլերուն վրայ:
Եթէ պահ մը ետքայլ ընենք եւ վերադառնանք իշխանափոխութիւնը կանխող օրերուն, ա՛յն օրերուն, երբ Փաշինեանը «Իմ քայլը» նշանախօսքով ճամբայ հանեց իր շարժումը եւ հասաւ Երեւանի փողոցները ցուցարարներով ողողելու փուլին, պիտի յիշենք, որ յեղաշրջական գործողութիւնները ընթացան գրեթէ անարիւն եւ առանց բիրտ ուժի գործածութեան: (Արդէն մոռցուած են իսկապէս մանր միջադէպերը, կամ` որոշ հաստատութիւններէ ներս բռնի ուժով մուտք գործելու Փաշինեանին ու ընկերակիցներուն արարքները` ուսանողներ ցոյցին միացնելու նպատակով): Անարիւն յեղաշրջումին մէջ պէտք չէ բոլորովին անտեսել այսօր արդէն ընդդիմադիր դարձած եւ փլուզումի վիճակ պարզող նախորդ իշխանաւորներուն «կրաւորական» դերակատարութիւնը, որովհետեւ հակաշարժում մը, եթէ փորձուէր, անկախ յաջողելու-ձախողելու հաւանականութիւններէն, կրնար ծանր հետեւանքներ ու հետքեր ունենալ: Աչքի առջեւ ունինք աշխարհի մօտակայ կամ հեռաւոր երկիրներու մէջ, ընտրութեանց ճամբով կամ ուժի գործածութեամբ, իշխանափոխութեան բազմաթիւ օրինակները: Մեր հայրենիքն ալ նման դառն փորձառութիւններ ապրած է անցեալ տասնամեակներուն:
Իշխանափոխութենէն ետք ընթացք առաւ ապահովութեան ամրապնդման եւ ապօրինութիւններու` պաշտօն չարաշահողներու, պետական ինչքեր իւրացնողներու, օրինազանցներ, մենաշնորհներ ստեղծողները եւ տուրքերէ խուսափողները կարգի բերելու գործընթաց մը, որ բնականաբար մեծ գոհունակութեամբ դիմաւորուեցաւ ժողովուրդին կողմէ: Շղթան կ՛երկարի ամէն օր: Բացայայտումները ստեղծեցին վիճակ մը, որ մեր յիշողութեան մէջ արթնցուց քաղաքական վաղեմի մանրավէպ մը. տասնամեակներ առաջ տեղ մը կարդացած ենք հետեւեալը. փտածութեամբ ծանօթ երկրի մը մէջ, խմբագիր մը օր մը հրատարակած է սուր քննադատական յօդուած մը, որուն խորագիրն էր մօտաւորապէս հետեւեալը` «Մեր երկրին պետական պատասխանատուներուն 50 առ հարիւրը գող-աւազակներ են»: Հրապարակումը մեծ փոթորիկ ստեղծած է եւ պետական պատասխանատուներ հարկադրած են, որ յօդուածագիրը հերքում մը հրատարակէ: Յաջորդ օրը սրամիտ յօդուածագիրը հրատարակած է կարճ «հերքում» մը, զոր խորագրած է` «Մեր երկրին պետական պատասխանատուներուն 50 առ հարիւրը գող-աւազակներ ՉԵՆ…»:
Հայաստանի պարագային, վերջին ամիսներու բացայայտումները, պատկերասփիւռէն ամէն օր ցոյց տրուած օրինազանցութիւնները (շղթան անվերջանալի կը թուի) եկան մեզ համոզելու, որ մեր հայրենիքին մէջ ալ յիշեալ մանրավէպին կրկնօրինակը տեղի ունեցած է գրեթէ ամէն ոլորտի մէջ: Չարաշահութեան ու աւազակութեան, պաշտօնի շահագործման արարքներ գործուած են պետական մարդոց, անոնց ազգականներուն, գործակիցներուն, դպրոցական-կրթական, բժշկական, առեւտրական, մարզային ու մինչեւ իսկ գիւղական ոլորտներու մէջ. բացայայտումներէն մէկ քանին ստեղծեցին ռումբի պայթիւնի ներգործութիւն` աւելի եւս մտրակահարելով նախկին իշխանաւորներուն ու անոնց գործակատարներուն հանդէպ ժողովրդային ընդվզումի նժոյգը, սակայն նաեւ քողարկուած պահեցին նման արդար հետապնդումներու միջոցով… քարոզչական արշաւները:
Հիմա, ծայր առած երթը, որ դրուած է արդարութիւն իրագործելու եւ չարաշահութեանց վերջ տալու խորագիրին տակ, ցնծութեան ալիք մը տարածած է ժողովուրդին մէջ` արձագանգներ գտնելով սփիւռքի տարածքին: Մարդիկ մինչեւ իսկ պատրաստ են մոռնալու, որ իշխանութիւններուն, մենաշնորհեալներուն եւ չարաշահողներուն դէմ քննադատական ձայներ բարձրացած են ու ահազանգեր հնչած` տարիներէ ի վեր, սկսեալ այն օրերէն, երբ… աւելի քան 25 տարի առաջ վերանկախացած Հայաստանի մէջ սկսաւ ձեւաւորուիլ նոր իշխանութիւն, նախագահներ յաջորդեցին իրարու, տեղի ունեցան բազմապիսի բռնարարքներ, ժողովրդավարութեան ոտնակոխման գլխագիր դէպքեր, քուէարկութիւններու ատեն աղաղակող զեղծումներ… Նախարարներ ու բարձրասիճան պաշտօնատարներ «բռնուեցան» չարաշահութեան, պաշտօնի շահագործման, ապօրինի հարստացման եւ նման յանցանքներու մէջ, նախարարի մը դէմ մինչեւ իսկ միջազգային ոստիկանութեան կողմէ հետապնդումի քայլեր առնուեցան: Երկրին մէջ զարգացաւ սակաւապետներու դասակարգ մը` իր բոլոր հետեւանքներով, իշխանութիւններ քանիցս խոստացան, օրինակի համար, «օֆշորային գործառնութիւնները» կասեցնել ու պետութեան իրաւունքները վերահաստատել, սակայն գործնապէս շատ բան չեղաւ. հարստացող անուանի ու շուքի մէջ մնացած պատասխանատուներ, իրենց ապահոված հսկայական հարստութիւններով, այլ երկիրներ «ապաստանեցան» (շատեր ապահոված էին տարբեր երկիրներու քաղաքացիութիւն), եւ Հայաստանը թողուցին տնտեսական-ընկերային տագնապներու ոլորապտոյտին մէջ, մտրակահարեցին արտագաղթը, մաշեցուցին երկրին բնական հարստութիւններէն սպասուող բարիքները… Այս բոլորը յաճախ սուր քննադատութիւններու եւ հրապարակային բացայայտումներու նիւթ եղան, սակայն մարդիկ շարունակեցին «իրենց էշը քշել» իրենց հասկացած ձեւով, իրենց շահերը` փոքրամասնութեան մը շահերը պահպանելու բծախնդրութեամբ: Աւելորդ է ըսել, որ անցեալ տասնամեակները ձեւով մը նորատիպ կրկնօրինակն էին խորհրդային տարիներու մենաշնորհեալներու գործունէութեան. այդ օրերուն ալ կար հովանաւորի-հովանաւորեալի քողարկեալ դրութիւն մը, ամբողջ համակարգ մը, որ պարուրուած էր կուսակցական պատկանելիութեան դրօշով:
Այս բոլորը յիշելու համար պէտք է հեռու մնալ տրամաբանութենէն այն ժողովուրդներուն, որոնց յիշողութեան թելը կարճ է` իբրեւ հետեւանք իշխանաւորներու ուղղակի եւ անուղղակի քարոզչութեանց. ի մտի ունինք հաւաքական յիշողութիւնը: Ըսել կ՛ուզենք` Փաշինեան խորքին մէջ նոր բան չըսաւ դառն իրականութիւններուն մասին, թէեւ երբեմն կը ստեղծուի այն տպաւորութիւնը (եւ սա բնական է նոր իշխանութեան ի նպաստ ենթահողի տարածման դիտանկիւնէն), որ «անիւի գիւտը նոր կը կատարուի» Հայաստանի մէջ: Փաշինեանին ու գործակիցներուն հիմնական տարբերութիւնը այն եղաւ, որ անցեալի թերութիւններուն ու վէրքերուն դարմանումին համար մայիսէն ի վեր ԳՈՐԾՆԱԿԱՆ ՔԱՅԼԵՐ ճամբայ ելած են, օրինազանցներն ու չարաշահողները յականէ անուանէ ծանօթ են հիմա (թէեւ բոլորովին անծանօթներ չէին Մայիսէն առաջ), հետեւաբար բնական է, որ ժողովուրդն ու Հայաստանի բարօրութեան նախանձախնդիր ոեւէ հայ ցնծութեամբ լեցուի, յոյսով դիտէ ապագան:
Խորքին մէջ նախկին իշխանութիւններուն պատճառած դժգոհութեան ալիքն էր, որ հիմնական դեր ունեցաւ ժողովուրդը Նիկոլ Փաշինեանի շուրջ մագնիսացնելու մէջ: Սա տարօրինակ վիճակ չէ. երբ զանգուածը դժգոհ է ղեկավար անձէ մը կամ խմբակէ մը, բնականաբար կը թեքի դէպի զայն դատափետողն ու անոր չարիքները դարմանել փորձողը, նոյնը չկրկնել խոստացողը, միաժամանակ դուռը լայն բանալով populism-ի ալիքին դիմաց: Նոր իշխանութեան մարդիկը ամէն օր կը կրկնեն այս խոստումը, գործնական քայլերով ցոյց կու տան իրենց լրջութիւնը: Սա առանձնակի երեւոյթ չէ Հայաստանի պարագային, թէեւ մենք միշտ ալ նախընտրած ենք շատ չդիտել մեր շուրջբոլորը, եւ բաւականանալ մեր «փոքր ածու»-ին իրադարձութիւններով: (Այս տողերը չենք արձանագրեր դրական զարգացումը նսեմացնելու դիտաւորութեամբ, այլ` իրապաշտութեան միտումով):
Դրական մէկ այլ իրականութիւն է այն, որ Հայաստանի մէջ իշխանութեան հասած է երիտասարդներու սերունդ մը, կառավարական թէ այլ ոլորտներու մէջ, որոնք փաստօրէն կը ներկայացնեն Հայաստանի վերանկախացման յաջորդող փուլին Երկրորդ Սերունդը: Նախարարներ ու վարչամեքենային մէջ պատասխանատուութեանց կոչուողներէն շատեր մօտաւորապէս տարեկից են վերանկախացած Հայաստանին, իսկ ուրիշներու մասին կրնանք ըսել, որ հազիւ պատանի էին կամ երիտասարդութեան սեմը կը թեւակոխէին վերանկախացումի օրերուն, հասակ առին յետխորհրդային` նոր ձեւաւորուող պայմաններուն մէջ: Այս իրականութիւնը աչքի առջեւ ունենալով, ժողովուրդը ինքն իրեն իրաւունք կու տայ դառնալու աւելի՛ յուսալից` ակնկալելով, որ երիտասադներ նոր ուժ, նոր կորով ու նոր տեսլական խոստանան, հոգ չէ թէ կրնան սխալներ ալ գործել, յառաջ երթալ` «իյնալ-ելլելով»:
Դրական զարգացումներու սիւնակը կրնանք երկարել, սակայն բաւականանանք արձանագրելով մէկ քանի նկատողութիւն եւս: Անոնց շարքին (եւ այս մասին գրեթէ չի խօսուիր), Հայաստանի դրամին կայուն ըլլալն է. օտար դրամանիշներու սակարանը ցնցում չապրեցաւ, սպառողական շուկան ալ ընդհանրապէս մնաց կայուն, մինչդեռ Հայաստանի պէս փոքր երկրի մը համար նման յեղաշրջական ընթացք կրնար անդրադարձ ունենալ նիւթական-սակարանային գետնի վրայ` մատնելով արտաքին ազդեցութիւններու ոլորտ մը (Հայաստանին դրացի կամ հեռաւոր երկիրներու տնտեսական անկումներն ու անոնց ետին շարժող ձեռքերը, դիտաւորութիւնները ծանօթ են բոլորիս): Զուգահեռաբար, եւ Հայաստան իր արտաքին յարաբերութիւնները ըստ էութեան ցարդ կը պահէ անփոփոխ, կը փորձէ շրջանի ու աշխարհի մեծ ուժերուն հետ հաւասարակշռութիւն պահել, նաեւ աչքերը կ՛ուղղէ դէպի աւելի հեռաւոր հորիզոններ: Բացայայտ կը թուի, որ նոր իշխանութիւնը կը շարունակէ նախկին իշխանութիւններուն իրագործած քայլերը` անկախ այն հարցականներէն, թէ նախկիններուն ո՞ր քայլերը արդիւնաւոր եղած են կամ ամլութեան ու տեղքայլի մատնուած: Այս կէտերը կարելի է արձանագրել Հայաստանի նկատմամբ միջազգային վստահութեան մթնոլորտը ամրապնդելու ճիգերուն սիւնակին տակ, մանաւանդ որ նոր իշխանութեան ներկայացուցիչները` վարչապետ, փոխվարչապետ, հանրապետութեան նախագահ եւ նախարարներ, քանիցս բացայայտ դարձուցին, որ Հայաստանի տնտեսութեան բարելաւումը առաջնահերթ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ իրենց համար, փորձեցին եւ կը փորձեն արտաքին նիւթական օժանդակութիւնները աւելցնել, նոր ներդրումներ ապահովել` խոստանալով ներդրողներու շահերուն պահպանումը: Զուգահեռաբար, հաւաստիքներ կը լսենք, որ արտագաղթի հոսանքը կասեցուած է:
Դրական երեսին այս պատկերը եզրակացնելու համար կրնանք ըսել, որ Հայաստան, «Թաւշեայ յեղափոխութեան» ճամբով թեւակոխած է բարեշրջման եւ յոյսի «դարաշրջան» մը. այս ընթացքը դիտողը կը յուսայ, որ Հայաստանի նոր իշխանութիւնը նոյն ընթացքը շարունակէ` առանց իյնալու «իշխանութեան թակարդ»-ին մէջ. ժամանակակից պատմութիւնը հարուստ է բազմաթիւ դառն փորձառութիւններով, երբ ժողովրդային լայն զօրակցութեան ալիքի` populism-ի վրայ նաւարկելով իշխանութեան հասած նախագահներ կամ կուսակցութիւններ որոշ ատեն ետք ինկած են ծանօթ «թակարդ»-ին մէջ, բացայայտուած են գայթակղութիւններ ու չարաշահումներ անկումի առաջնորդելով բարեշրջման դրօշակիրները: Ոմանք իրենց գլուխն ալ վրայ տուած են: Բնականաբար ո՛չ ոք կը ցանկայ կամ կը սպասէ, որ նման նախընթացի մատնուի Հայաստան, սակայն ծանօթ խօսք է. «Բերանը այրած մարդ` պաղ թանը փչելով կը խմէ»:
Դրական այս ենթապատկերին դիմաց (ենթապատկեր, որ երեւակայական կամ լոկ ծրագրային փուլի մէջ չէ, այլ բոլորս ականատես եղած ենք նաեւ շօշափելի իրագործումներու, ինչպէս նշեցինք վերը), կ՛արժէ նաեւ հարց տալ, թէ Հայաստան դէպի ո՞ւր կ՛ուղղուի «Թաւշեայ յեղափոխութենէն» աւելի քան երեք ամիս ետք, ճատրակի ինչպիսի՞ տախտակներ կը պարզուի հոն: Այս մասին` առանձին:
1էն – 12 օգոստոս 2018