ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ
Պանք Օթոմանի գրաւումը, հայ ժողովուրդի
կուտակուած զայրոյթին եւ անթեղուած
վրէժին ինքնաբուխ պոռթկումն էր:
Հրանդ Սամուէլ «Օրուան խօսքեր»
Տարօրինակ մղումով մը, շատ անգամ, վերաթարմանալու համար կը դիմես գրադարանիդ, որպէսզի աչքէ անցընես ընթերցած եւ չընթերցած գիրքերդ: Ի դէպ, հարկ է խոստովանիլ, թէ ընթերցում «հայցող» տարբեր բնոյթի հատորներ տակաւ կը շատնան, իրենց սուր եւ յանդիմանական «նայուածք»-ը քեզի ուղղելով եւ, այսպէս ըսած, զգաստութեան եւ լրջութեան սլաքներ արձակելով:
Զգաստութիւն` վերադառնալու ակունքներուն ու ընթերցման հրաշալի աշխարհին: Լրջութիւն` զերծ մնալու արուեստական պատճառաբանութենէ, ներկայ ապերախտ ժամանակն ու ծանրաբեռնուած կեանքը նզովելէ, արհեստագիտութեան զոհը դառնալէ եւ այլն:
Նման մտածումէ ետք, ահա, մեր ուշադրութեան կիզակէտին էր արդէն Հրանդ Սամուէլի «Օրուան խօսքեր» հատորը: Ինչպէս սովոր է, որեւէ գիրքի պարագային, կը սկսիս թղթատել բովանդակութիւնը եւ լոյսին բերել յիշատակելի տողերը, միտքերը, որոնք մելանով ընդգծուած են` յետ ընթերցման, օր մը զանոնք մէջբերելու յոյսով:
Կարծես եկած էր պահը: Երբեմնի վաստակաւոր դաշնակցական ղեկավար, գաղափարապաշտ գործիչ, ներհուն գրող եւ անխոնջ հրապարակագիր Հրանդ Սամուէլի գրիչին կը պատկանին վերոյիշեալ տողերը` նուիրուած Պանք Օթոմանի գրաւման 70-ամեակին: Ան «Յառաջ»-ի մէջ գրի առած է յօդուածը, 1966-ին:
Մէկ կողմէ` զարմացնողը կ՛ըլլայ այն, թէ ինչպէ՛ս իրերայաջորդ սերունդներու, յատկապէս գրող-հրապարակագիրներու մտածումներուն առանցքը եղած են հերոսական դէմքերն ու դէպքերը, զանոնք լիարժէքօրէն ներկայացնելու ճիգը, մղումը, եւ միւս կողմէ առկայծ մնացած է անոնց ներքին հպարտանքը, դաշնակացականի յանձնառութեամբ լոյսին բերելու յեղափոխական գործունէութեան գաղափարական իմաստն ու շեշտադրումը:
Արդ, Հրանդ Սամուէլ, շնորհիւ իր պերճ լեզուին եւ բիւրեղ տրամաբանութեան, կ՛անդրադառնայ յեղափոխական այս դէպքին, կը թուէ պատճառները, կը վերլուծէ օրուան քաղաքական ու զինուորական կացութիւնը, եւրոպական երկիրներուն ցոյց տուած երկդիմի կեցուածքն ու թրքամէտ քաղաքականութիւնը, հայութեան դէմ ի գործ դրուած նախճիրները, սպանդները, հալածանքներն ու բարբարոսային վարքագիծը, ապա կը մեծարէ յեղափոխական տղաքը, անոնց խիզախ ու յանդուգն արարքը:
14 օգոստոս 1896:
Պոլիս, կէսօրուան ժամը մէկ: Պանք Օթոման միջազգային դրամատունը կը գրաւուի 26 հայ յեղափոխականներու կողմէ, որոնք սպաննելէ ետք պահակները կը մտնեն ներս եւ կը յաջողին փակել մայր դուռը: Գործողութեան միտքը յղացող ու կազմակերպչական անդուլ աշխատանք կատարող Բաբգէն Սիւնի (Փարեան) կը նահատակուի դրամատուն մուտքի ատեն: Անմիջապէս ղեկավարութիւնը կը ստանձնեն Արմէն Գարօ եւ Հրաչ Թիրիաքեան:
Պոլսոյ ՀՅԴաշնակցութեան «Վիշապ»-ի Կեդրոնական կոմիտէն, ՀՅԴ Բիւրոյի հաւանութեամբ, կը նախաձեռնէ այս գործողութեան, երկու հիմնական առաջադրանք նկատի ունենալով. նախ` հարուածել թուրքը իր որջին մէջ, ապա` ցնցել միջազգային համայնքն ու անոր տնտեսական շահերը:
Տեղի կ՛ունենայ սաստիկ հրացանաձգութիւն, թրքական ոստիկանութիւնն ու բանակը կը դիմէ յարձակումներու, անոնք կը պաշարեն դրամատունը, փակելէ ետք ճանապարհները: Յեղափոխականները անվեհեր կը շարունակեն մարտերը, հակառակ անոր որ անոնց շարքերուն կային նահատակ թէ վիրաւոր տղաք:
Հետաքրքրական է, որ գրաւումէն ետք Լեւոն Նեւրուզ Պոլսոյ վեց եւրոպացի դեսպաններուն կը հասցնէ Պոլսոյ ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէին պահանջները, որոնք, խորքին մէջ, յստակօրէն բացատրութիւն կու տային գործողութեան տուն տուող պատճառներուն եւ նպատակին մասին:
Աննման դաշնակացական Բաբգէն Սիւնիի յղացած գործողութիւնը կ՛ընդգրկէր մեծ տարողութիւն: Արդ, դրամատան գրաւումին առընթեր պիտի ըլլային ռմբահարումներ, որոնք եթէ երբեք լրտեսներու կողմէ չբացայայտուէին, ապա կարմիր սուլթանի որջը ստացած պիտի ըլլար այնպիսի հարուած մը, որ պիտի շշմեցնէր օսմանցի թուրքն ու ատենի միջազգային համայնքը:
Փաստօրէն, հարուածող բազուկը ռումբեր պիտի տեղացնէր Սամաթիոյ զօրանոցին վրայ, հինգ անձնազոհ տղաներ Ղալաթիոյ կամուրջէն անցած ատեն ռումբ պիտի նետէին անցնող բանակի զօրագունդին վրայ, Կալաթասարայի մօտերը` թուրք բանակայիններ նոյնպէս թիրախ պիտի դառնային, եւ այս բոլորը ահ ու սարսափ տարածելու Պոլսոյ մէջ:
Դրամատան գործողութենէն մէկ օր առաջ Սամաթիոյ գործողութիւնը կը բացայայտուի լրտեսներու կողմ: Միսաքեաններու տան մէջ հաւաքուած տղաները կը պաշարուին, անոնք անձնատուր չեն ըլլար եւ կը մարտնչին մինչեւ վերջ: Քաջարի տղաներ` Խաչիկ Գնունի, Արտաշէս Միսաքեան եւ Արտաշէս Անդրէասեան կը նահատակուին եւ արեամբ կ՛որոգեն հայոց պատմութեան էջերը:
Միւս կողմէ, հարկ է յիշեցնել, որ, ստեղծուած իրավիճակին հակազդելով, թուրք խուժանը (քաղաքացի թէ բանակային), արդէն լծուած էր ահաւոր սպանդի, որ տեղի կ՛ունենար Պոլսոյ հայահոծ թաղամասերուն մէջ:
Պանք Օթոմանի դրամատան մէջ կային մեծ թիւով (120 հոգի) եւրոպացի պաշտօնեաներ, որոնց դէմ ոչ մէկ բռնարարք կը գործադրուի: Փաստօրէն, անոնք կը փոխադրուին ապահով սենեակ, զերծ մնալու համար վտանգէ: Աւելի՛ն. անոնց հետ յեղափոխական տղոց վերաբերումը կ՛ըլլայ այնքան քաղաքակիրթ, որ զարմանք կը պատճառէ բոլորին:
Դրամատունը գրաւած յեղափոխականներու դէմ իրերայաջորդ յարձակումներ տեղի կ՛ունենան, որպէսզի փշրեն տղոց դիմադրողական կամքն ու կորովը, սակայն ի զուր: Արմէն Գարոյի, Հրաչ Թիրիաքեանի, Վարդան Շահպազի ու այլ նուիրեալներու շնորհիւ գործողութիւնը կը տեւէ 18 ժամ եւ վերջ կը գտնէ միայն այն ատեն, երբ անոնց պահանջները ձեւով մը նկատի կ՛առնուին: Փաստօրէն, եւրոպացի դեսպաններու եւ թուրք պետութեան միջեւ բանակցութիւններու իբրեւ արդիւնք տղաքը դուրս կ՛ելլեն դրամատունէն եւ կ՛ուղղուին նաւահանգիստ, ապա կը փոխադրուին Ֆրանսա:
Դաշնակցական իրերայաջորդ սերունդներու համար այս գործողութիւնը ո՛չ միայն եղած է ներշնչումի առիթ, այլ նաեւ` անկէ քաղուած են այնպիսի դասեր, որոնք յաւերժ են հայ յեղափոխական պատմութեան համար:
Փաստօրէն, 1894-1896 համիտեան ջարդերը, որոնք օսմանեան Թուրքիոյ գազանաբարոյ հակազդեցութիւնն էին, այսպէս ըսած, Պերլինի վեհաժողովին (1878) հայոց բարեկարգումներու մասին տրուած որոշումին, խորքին մէջ, ցոյց կու տար կարմիր սուլթանի հայոց բնաջնջումի հետեւողական վարքագիծը:
Պանք Օթոմանի գործողութիւնը ուղղակի հակազդեցութիւն էր այն ահաւոր ջարդերուն, որոնք տեղի ունեցան ամբողջ Արեւմտահայաստանի տարածքին, Կիլիկիոյ թէ Անատոլուիի հայահոծ գաւառներու թէ քաղաքներու մէջ, եւ որոնց զոհ գացին երեք հարիւր հազար անմեղ հայորդիներ:
Ճիշդ է, որ այս գործողութեան իբրեւ հետեւանք Պոլսոյ թաղերը արիւնով ներկուեցան, սակայն, ճիշդ է նաեւ այն, թէ արիւնառուշտ թուրքին պատճառ չէր պակսեր ի գործ դնելու` ցեղասպան ծրագիրը ընդդէմ հայ ժողովուրդին:
Եւ ահա այս պարունակի մէջ հարկ է դիտել եւ արժեւորել տղոց մարտունակ ոգիին եւ վրէժխնդրութեան իմաստը, որովհետեւ անոնք` հայ ասպետները, յանձինս Բաբգէն Սիւնիի եւ հաւատաւոր տղոց, կրցան մարմնաւորել հայութեան խիղճը, ոգին, պոռթկումը, ազգային արժանապատուութեան տէր կանգնելու խոր գիտակցութիւնը եւ թշնամին հարուածելու խիզախութիւնը:
Տղոց յանդգնութիւնը` թուրքի որջին մէջ տանելու կազմակերպական հսկայ աշխատանք, ռումբեր պատրաստելու եւ տեղափոխելու, մարզուելու եւ հարուածող ծրագիր ունենալու, արդէն ապացոյց են անոնց յաղթելու կամքին եւ թշնամին (թուրք թէ եւրոպացի) հարուածելու մտադրութեան:
Յայտնապէս, ատենի եւրոպական դրամատան գրաւումը կը միտէր ցնցել նաեւ շահերը այն երկիրներու, որոնց երկդիմի քաղաքական վարքագիծը միայն աւերներ եւ սպանդ պատճառած էր հայութեան: Անոնք` եւրոպացի քաղաքագէտներ, թուղթի վրայ կը հետապնդէին խողխողուող հայութեան բարեկարգումներու ծրագիրները եւ լպիրշ յորդորներ կը կարդային հայոց գլխուն:
Արդ, հայ յեղափոխականներու քաջածանօթ գործողութիւնը, եթէ երբեք ունի խորհուրդներով յագեցած պատգամ, ունի նաեւ հանապազօրեայ թելադրականութիւն` ապաւինիլ սեփական բազուկին, մտքին ու նախաձեռնութեան ոգիին` յանուն հայութեան իրաւունքներու ձեռքբերման:
Մեծագոյն ապացոյցը` Արցախի ազատագրական սուրբ պայքարը:
11 օգոստոս 2018