ՄԵԼԻՔ ԳԱՐԱԳԱՒՈՐԵԱՆ
Տիեզերական անվիճելի ճշմարտութիւն է, որ աշխարհի մէջ ամէն ինչ կը փոխուի, կը բարեփոխուի եւ ընդհանրապէս կը զարգանայ:
Տեւական փոփոխութեան մէջ է արդի աշխարհը, անտարակոյս: Այդ փոփոխութիւնները եւ յառաջդիմութիւնները սկզբունքով դրական եւ օգտաշատ են, եւ համայն մարդկութեան առաքելութիւնն է զանոնք ծառայեցնել բոլոր ժողովուրդներու բարօրութեան, արդարութեան, խաղաղութեան ու երջանկութեան:
Սակայն, նաեւ կը պատահի, որ անկանխատեսելի աղիտալի դէպքեր եւ տխուր առիթով փոփոխութիւններ ալ արձանագրուին աշխարհին մէջ:
Անշուշտ այդ դրական օգտաշատ փոփոխութիւններէն, զարգացումներէն եւ յառաջդիմութիւններէն միշտ չէ, որ աշխարհի բոլոր ժողովուրդները միանշանակ կ՛օգտուին, արդարեւ, տակաւին տարբեր տարածաշրջաններու մէջ համաշխարհային վերջին նուաճումներէն, գիտական, բժշկական, արհեստագիտական եւ ամէն տեսակի յառաջդիմութիւններէն զերծ կը մնան ոմանք` զանազան խնդիրներու եւ քաղաքական նեղ հաշիւներու բերումով, եւ այնտեղ կը յամենայ աղքատութիւնը, անարդարութիւնը, փտածութիւնը, կաշառակերութիւնը, պատերազմներ եւ ահաբեկչական խմբաւորումներ, որոնք կը հարուածեն երկիրներու կայունութիւնը եւ անդորրութիւնը:
Սակայն ընդհանուր առմամբ աշխարհի մէջ ամէն ինչ կը փոխուի եւ կը զարգանայ, գիտութիւնը, բժշկութիւնը, տնտեսութիւնները, արհեստագիտութիւնը, արուեստը, տեղեկատուական մարզը, կլիման, ժողովուրդներու միջեւ փոխյարաբերութեանց եղանակը, միջազգային քաղաքական փոխյարաբերութեանց եղանակը, պայմանագրութիւնները, կուսակցութիւնները եւ անոնց ծրագիրները` ի պահանջել հարկին, միջազգային քաղաքական համակարգերու ձեւաչափը: Այս բոլորին կողքին պէտք չէ մտահան ընել, որ ապրած ենք պաղ պատերազմի օրեր, երկփեղկուած ռազմաքաղաքական կացութիւններ` արեւելեան եւ արեւմտեան Եւրոպաներու, բազմաբեւեռ համաշխարհային դրութիւն, զայն յաջորդող Միացեալ Նահանգներու գլխաւորութեամբ միաբեւեռ կացութիւն, ապա համաշխարհայնացման կարգախօսին տակ ազգային իւրայատկութիւններ ունեցող ժողովուրդները հարուածող նոր մարտավարութիւններ` միջազգային զանազան հիմնադրամներու մութ ֆինանսաւորումներով:
Փաստօրէն աշխարհը սրընթացօրէն փոփոխութեան մէջ է եւ միշտ ալ այդպէս եղած պէտք է ըլլայ: Սակայն արդի ժամանակներու ժողովուրդներու պատմութեան մէջ, յատկապէս հայ ժողովուրդի նորագոյն պատմութեան մէջ, միայն մէկ չարափաստիկ երեւոյթ մը, հակառակ վերոնշեալ բազմաթիւ ու բազմաբնոյթ փոփոխութիւններուն, բնաւ փոփոխութեան չ՛ենթարկուիր, ըստ ամենայնի չէ ենթարկուած, առնուազն մինչեւ այսօր: Այդ ալ հակադաշնակցական անհեթեթ պայքարի ոճն է. ի տես ներհայկական ճակատի վրայ արձանագրուած քաղաքական եւ իրաւական վերջին իրադարձութիւններուն եւ ոմանց արտայայտութիւններուն եւ դրսեւորումներուն, ինչ կ՛ուզէ թող ըլլայ ճշմարտութիւնը հայկական իրականութեան, ռազմաքաղաքական անվտանգութեան, տնտեսական, ներհայաստանեան քաղաքական պայմաններուն միեւնոյն հակադաշնակցական պայքարի հերթական գրոհը դարձեալ գլուխ կը ցցէ այսօր:
Փաստօրէն 128 տարի է ի վեր ոչ մէկ փոփոխութիւն հակադաշնակցական պայքարի այս մարզին մէջ, միջազգային թէ շրջանային եւ ներազգային քաղաքական ամէն տեսակի պայմաններու ներքոյ միեւնոյն հիւանդագին հակադաշնակցական յանկերգն է, որ այսօր սակայն վերածուած է քաղաքական նոր մարտավարութեան` փճացնելու համար ազգային միասնականութիւնը, անդորրութիւնը եւ ռազմաքաղաքական ու ազգային ճակատի վրայ արձանագրուած հսկայական յառաջդիմութիւնները:
Արդարեւ, ամբողջ աշխարհին մէջ գաղափարախօսութիւններ, իշխանութիւններ եւ ամէն տեսակի զինուորական, բռնատիրական եւ ամբողջատիրական համակարգեր փոխուեցան, Խորհրդային Միութիւնը եւ Պերլինի պատը փուլ եկան, աշխարհի մէջ համայնավար կուսակցութիւնները փոխուեցան, սակայն հակադաշնակցական պայքարի մոլուցքէն տառապողները մնացին անփոփոխ եւ անդրդուելի իրենց կատարած ուխտին վրայ…
Եւ, ըստ էութեան, հակադաշնակցական պայքարի այս ճակատին վրայ պէտք չէ տեղաշարժ ակնկալել, ոչ ալ պէտք է պատճառներ որոնել, որովհետեւ այնտեղ նորութիւններ չկան. ինչ որ էր 128 տարուան ընթացքին, նոյնն է այսօր, դժբախտաբար:
Իսկ վերջին, ամէնէն թարմ ապացոյցը` հակադաշնակցական դրսեւորումներու, կը հանդիսանան մէկ կողմէ պրն. Կարպիս Փաշոյեաններու եւ տիկին Զոյա Թադեւոսեաններու նման բազմաթիւ մարդոց տհաճ եւ ապազգային հայոց պանծալի նորագոյն պատմութիւնը հարուածող ու խեղաթիւրող դրսեւորումները եւ նմանօրինակ դիմատետրեան բազմաթիւ այլ անհիմն ամբաստանութիւններ ու զրպարտութիւններ, որոնցմով կը մեղադրեն Դաշնակցութիւնը հազարումէկ սադրանքներու մէջ, ինչպէս` Երիտթուրքերու հետ համագործակցութեան եւ այլ պատմաքաղաքական դէպքերու առնչութեամբ` գործածելով կեղծուած փաստաթուղթեր եւ շինծու փաստարկումներ, որոնք թէ՛ ծիծաղելի են, թէ ալ իրականութեան մէջ ոչ մէկ կապ ունին պատմաքաղաքական իրադարձութիւններու ճշմարտութեանց հետ:
Իսկ միւս կողմէ, վերջերս, Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած վերջին իրաւաքաղաքական իրադարձութեանց լոյսին տակ ՀՅ Դաշնակցութեան Գերագոյն մարմինին` Հայաստանի Հանրապետութեան երկրորդ նախագահի Ռոպերթ Քոչարեանի սահմանադրական կարգը տապալելու մեղադրանքին կապակցութեամբ յայտարարութեան առիթով ստեղծուած անհիմն դիտարկումները, հակադաշնակցական ցեխարձակումները, դիմատետրեան հայհոյախառն գրառումները, իբր թէ սոյն յայտարարութեամբ ՀՅ Դաշնակցութիւնը երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանը կը պաշտպանէ, հակառակ այն իրողութեան որ տուեալ յայտարարութեան մէջ յստակ կերպով կ՛ընդգծուէր, որ` «երկրում ընթացող վերջին իրադարձութիւնների կապակցաբար յայտնում ենք, որ օրինականութեան հաստատման, օրէնքի առջեւ բոլորի հաւասարութեան, անպատժելիութեան մթնոլորտի վերացման ուղղութեամբ ձեռնարկուող քայլերը ողջունելի են: Խիստ կարեւոր է, որ բոլոր գործընթացները տեղի ունենան իրաւական հարթութեան վրայ օրէնքի տարրին ու ոգիին համապատասխան եւ որեւէ հիմք չտան տարատեսակ մեկնաբանութիւնների եւ քաղաքական շահարկումների համար»: Աւելցնելով, որ` «Մարտի 1-ի դէպքերի կապակցութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանին եւ օրուան իշխանութիւնների այլ ներկայացուցիչների սահմանադրական կարգը տապալելու մեղադրանք ներկայացնելը խիստ մտահոգիչ է եւ կարող է մեկնաբանուել որպէս քաղաքական հալածանք»:
Իսկ աւելի ուշ, 29 յուլիսին, տուեալ յայտարարութեան ուղղութեամբ Դաշնակցութեան հասցէին հնչած տարատեսակ դիտարկումներուն, մեկնաբանութիւններուն, անհիմն մեղադրանքներուն լրացուցիչ պարզաբանումներ կատարելու եւ հարցերը միանգամընդմիշտ յստակացնելու մտասեւեռումով Գերագոյն Մարմինի ներկայացուցիչը «Երկիր Մեդիա»-ին հետ հարցազրոյցի ընթացքին կ՛ընդգծէր հետեւեալը. «Դաշնակցութիւնը համոզուած է, որ 1-2 մարտի դէպքերու քննութեան գործը պէտք է իր տրամաբանական աւարտին հասնի, եւ առանց բացառութեան, բոլոր մեղաւորները պէտք է պատասխանատուութեան ենթարկուին: Բայց խօսիլ սահմանադրական կարգի տապալման մասին ատիկա բոլորովին այլ տեղ կը տանի»:
Ահաւասիկ ՀՅ Դաշնակցութեան Գերագոյն Մարմինի յայտարարութիւնը եւ պարզաբանումները Հայաստանի Հանրապետութեան երկրորդ նախագահի Ռոպերթ Քոչարեանի սահմանադրական կարգը տապալելու մեղադրանքի առնչութեամբ:
Չենք հասկնար, թէ ի՞նչ հիմունքներով եւ ի՞նչ տրամաբանութեամբ տուեալ յայտարարութիւնները պիտի ենթարկուէին ա՛յսքան քաղաքական ցինիզմի, քաղաքական շահարկումներու եւ երկրի քաղաքական իրավիճակը ամլացնող քաշքշուքի:
Չենք հասկնար, թէ ինչո՞ւ հակադաշնակցական այս պայքարին մէջ, ուր ոչ լենինիզմը, ոչ թուրանիզմը, ոչ պոլշեւիզմը յաջողեցաւ հեղինակազրկել ՀՅ Դաշնակցութիւնը, ոչ ալ Դիմատետրի վրայ նման գրառումներու հեղինակները պիտի յաջողին, անոնց համար ամէն ինչ եւ ամէն միջոց արտօնուած է, նոյնիսկ խնդրոյ առարկայ դարձնելով Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի անդորրութիւնը, կայունութիւնը, եւ մանաւանդ` անվտանգութիւնը:
Չենք հասկնար, թէ ինչո՞ւ սոյն յայտարարութեան եւ ի միջի այլոց քաղաքական այլ շարժառիթներու պարագային ալ ամբոխավարութենէ զերծ Դաշնակցութեան կիրարկած կառուցողական, տրամաբանական, Հայաստանի մէջ գոյութիւն ունեցող բոլոր իրաւական ու քաղաքական խնդիրները երկրի սահմանադրութեան եւ օրինական ճանապարհով լուծելու ու զանոնք իրաւական հարթութեան վրայ պահելու նպաստող Գերագոյն Մարմինի քաղաքական եւ յարաբերական ճիգը` փոխանակ համատարած հանգստութեան, գոհունակութեան եւ փոխադարձ վստահութեան եւ քաղաքական պատասխանատուութեան դրական արձագանգներու հանդիպելու, պիտի բախի հակադաշնակցական սուր պայքարի ծաւալման:
Չենք հասկնար, թէ ինչո՞ւ, եթէ նոյնիսկ օրին մասամբ հասկնալի կը թուէր, երբ հակադաշնակցական պայքարին ետին կանգնած էին թուրանիզմը, ստալինիզմը, լենինիզմը, պոլշեւիզմը, բայց այսօր, ի՞նչպէս հասկնանք, երբ նոյն այդ անարդար, անուղղայ, անհեթեթ ազգակործան հակադաշնակցական պայքարը նոյնինքն հայու մատնահետքերով կը կատարուի:
Միթէ Դաշնակցութիւնը մեղաւո՞ր է, որովհետեւ ան կ՛առաջնորդուի առանց քաղաքական նախապաշարումի, վրէժխնդրութեան եւ առանց քաղաքական հաշուեյարդարի, եւ ամէն ինչէ վեր եւ ամէն ինչէ առաջ կը պաշտպանէ Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրութիւնը, հարցերը օրինական ձեւով լուծելու եղանակը, երկրի անդորրութիւնը եւ կայունութիւնը, եւ ամէնէն կարեւորը` երկրի սահմաններու անվտանգութիւնը:
Միթէ Դաշնակցութիւնը մեղաւո՞ր է, որովհետեւ 1990-ականներէն ի վեր, հակառակ իր դէմ յայտարարուած անողոք հակադաշնակցական պայքարին, Դաշնակցութեան ղեկավարներու վտարումին, բանտարկութիւններուն, քաղաքական հալածանքներուն եւ ֆիզիքական հարուածներուն, հակառակ իր սեփական կուսակցական եւ քաղաքական հաշիւներուն, վարկին, հեղինակութեան, ան տեւաբար առաջին պահակը հանդիսացաւ Հայաստանի Հանրապետութեան ներազգային անդորրութեան եւ միասնականութեան եւ բնաւ չդիմեց քաղաքական արկածախնդրութեան:
Միթէ Դաշնակցութիւնը մեղաւո՞ր է, որովհետեւ ազգային արժէքները իրեն համար «կեղծ քադակորեա չէ», ինչպէս որ պարագան է Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին նախագահի Լեւոն Տէր Պետրոսեանի:
Միթէ Դաշնակցութիւնը մեղաւո՞ր է, որովհետեւ կը ձգտի Սեւրի դաշնագրի պայմանագրութեան քաղաքական վերականգնման, եւ ամէն գնով կը հետապնդէ 1915-ի Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը եւ համապատասխան հատուցումը:
Միթէ Դաշնակցութիւնը մեղաւո՞ր է, որովհետեւ ան կը հետապնդէ ու կը պաշտպանէ Արցախի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչումը եւ համապատասխան քաղաքական կարգավիճակը:
Այսօր ժամանակն է սթափելու, ժամանակն է Նոր Հայաստանը ընդարձակելու, զարգացնելու, հզօրացնելու եւ բարեկարգելու:
Ժամանակն է սթափելու եւ հրաժարելու հայութիւնը պառակտող մարտավարութիւններէն եւ համախմբուելու, որովհետեւ հայ ժողովուրդը պատերազմի մէջ է տակաւին:
Ժամանակն է վերջապէս արմատախիլ ընելու ազգակործան հակադաշնակցական պայքարը, եւ միասնաբար կառուցելու համայն հայութեան ուշադրութեան կիզակէտը հանդիսացող Նոր Հայաստանը:
12.08.2018
Պրն.Գարագաւորեան,
Տեղի՛ն եւ արդա՛ր է թէ՛ ձեր դիտարկումը եւ թէ՝ ձեր զայրոյթը: Սակայն, եկէք ընդունինք հետեւեալ իրողութիւնները.-
Ա.- Երբ «փաստօրէն 128 տարի է ի վեր (…) ամէն տեսակի պայմաններու ներքոյ միեւնոյն հիւանդագին հակադաշնակցական յանկերգն է», եւ «ոչ մէկ փոփոխութիւն» կայ այդ մտածելա-գործելակերպին մէջ, ձե՛ր իսկ բառերով՝ այդ «ճակատին վրայ պէտք չէ տեղաշարժ ակնկալել», մանաւանդ՝ երբ մոլո՛ւցքն է տիրապետողը այդ -թէեւ յաճախ երիտասարդ, բայց արդէն իսկ- կաղապարուած գլուխներուն մէջ…: Իսկ մոլուցքին ճար ու դարման չկայ:
Բ.- Դաշնակցութիւնը 128 տարի գործած է ի սպաս հայ ժողովուրդին՝ ելլելով իր համոզումներէն եւ սկզբունքներէն: Արդեօ՞ք միշտ յաջողած է իր ծրագիրներու եւ գործունէութեան մէջ. արդեօ՞ք կարողացած է պէտք եղած տարողութեամբ ներգրաւել հայ ժողովուրդի հետաքրքրուած զանգուածները իր աշխատանքին մէջ. արդեօ՞ք անհրաժեշտ կերպով եւ քարոզչական միջոցներ օգտագործելով՝ եւ –կարելիութեան սահմաններուն մէջ– թափանցիկ կերպով հանրութեան պարզած է իր գործունէութիւնը. եւ ի վերջոյ՝ արդեօ՞ք նուազագոյն ինքնաքարոզչութիւնը ըրած է՝ բաց-հաշուետուութեան նման եւ յիշեցման կարգով…:
Գ.- Ինչ կը վերաբերի «անհիմն դիտարկումներ»ուն, «հակադաշնակցական ցեխարձակումներ»ուն, «դիմատետրեան հայհոյախառն գրառումներ»ուն, «խեղաթիւրող դրսեւորումներուն եւ նմանօրինակ դիմատետրեան բազմաթիւ այլ անհիմն ամբաստանութիւններ(ուն) ու զրպարտութիւններ(ուն), որոնցմով կը մեղադրեն Դաշնակցութիւնը հազարումէկ սադրանքներու մէջ», եկէ՛ք՝ ընդունինք որ այդ բոլորին ետեւ թաքնուած անձերուն մեծամասնութիւնը նորօրեայ Փանջունիահոտ «յեղափոխական»ներն են, որոնք թէեւ ժամանակ չունին մօրուք ածիլելու, բայց կրնան համակարգիչին դիմաց ժամերով նստիլ ու «սեմուշկա չրդել»ով մրոտել իրենց իմացածին, երեւակայածին եւ մանաւանդ՝ չիմացածին մասին: Այնպէս՝ որ շատ լուրջի պէտք չէ առնել զիրենք:
Դ.- Եւ վերջապէս՝ պէտք է ընդունինք որ ներկայի իշխանաւորները –եթէ ցանկութիւն եւ կամք ունենան– կարո՛ղ են ազդել եւ նկատելի չափով առնուազն զսպել այդ հայհոյախառն զրպարտութիւնները, անշուշտ՝ հաւատարիմ մնալով «թաւշեայ յեղափոխութեան» սկզբունքներուն…: