Ռէալ Մատրիտի միջնապահ Լուքա Մոտրիչ որոշեց մնալ արքայական ակումբին հետ, յայտնեց «ԱՍ»-ը:
Թէեւ խրուաթ ֆութպոլիստը առաջարկ մը ստացած է Ինթեր Միլանէն, սակայն այդ հարցը քննարկելէ ետք իր ընտանիքին հետ, ան որոշեց իր ելոյթները շարունակել Սպանիոյ մէջ:
Իտալական ակումբը պատրաստ էր անոր առաջարկել չորս տարուան պայմանագրութիւն մը` տարեկան 10 միլիոն եւրօ աշխատավարձով:
Սակայն Ինթեր Միլանէն ելոյթ ունենալէ ետք, ան պէտք էր 2 տարի խաղար չինական Ցզիանսու Սունինի հետ, որուն սեփականատէրը բաժնետոմսեր ունի Ինթեր Միլանի մէջ: