Պարսելոնայի յետսապահ Ժերար Փիքէ պաշտօնապէս յայտարարեց, որ իր ելոյթները կ՛աւարտէ Սպանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբին հետ:
«Այս մասին խօսեցայ Սպանիոյ մարզիչ Լուիս Էնրիքէի հետ, եւ ան ատոր համամիտ գտնուեցաւ: Այժմ կը պատրաստուիմ միայն ու միայն կեդրոնանալու Պարսելոնայի վրայ, ուր որքան երկար կարենամ խաղալ, այդքան լաւ», 31 տարեկան ֆութպոլիստին խօսքերը մէջբերեց սպանական մամուլը:
Փիքէ Սպանիոյ ազգային խումբին հետ իր նորամուտը նշեց 2009-ին: Ան 103 մրցումի ընթացքին նշանակեց 5 կոլ: