Լոքոմոթիւ Մոսկուայի յետսապահ Վետրան Չորլուքա նախորդ շաբաթավերջին պաշտօնական յայտարարութեամբ մը ելոյթ ունենալով եկաւ վերջ մը դնելու իր միջազգային ասպարէզին` Խրուաթիոյ ֆութպոլի ազգային խումբին հետ:
Ինչպէս ծանօթ է, 32 տարեկան ֆութպոլիստը Խրուաթիոյ հետ Ռուսիոյ մէջ տեղի ունեցած 2018-ի Մոնտիալին հանդիսացաւ փոխախոյեան:
Ան Խրուաթիոյ հետ առաջին անգամ ելոյթ ունեցաւ, երբ 16 տարեկան էր: Ան ազգային խումբին հետ մասնակցեցաւ 145 միջազգային մրցումի: