
Լիբանանի ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2018-2019 տարեշրջանին լաւ արդիւնքներ կարենալ ձեռք ձգելու միտումով խումբերը կ՛օժտուին նոր մարզիկներով:
Նըժմէի մամլոյ քարտուղարութիւնը տեղեկացուց, որ խումբին միացաւ Հապիպ Շուէյխ, որ իր կազմը` Իսլահ Պըրժ Շիմալին լքելով, երեք տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրեց Նըժմէին հետ:
Հետզհետէ իր շարքերը բարելաւող Ռասինկ, որ քանի մը օրեր առաջ իր կազմին միացուցած էր Ռոնի Ազարը (Թրիփոլիէն), խումբին միացուց այլ մարզիկ մըն ալ` Հասան Ատին, որ պիտի փոխանցուի Նըժմէէն:
Տեղի ունեցած այս փոխանցումէն կարճ ատեն մը ետք Ռասնիկի միացաւ Նըժմէէն այլ մարզիկ մը` Եուսեֆ Ժամմալ Հաժը, որ նախորդ տարեշրջանին բաւական լաւ արդիւնքներ արձանագրեց իր ակումբին հետ:
Նշենք, որ Ռասինկի մարզիչն է Մուսա Հըժէյժ: