Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետրասիոնը տուաւ կարեւոր եւ սքանչելի որոշում մը` յայտարարելով, որ Լիբանանի տղոց 16 տարեկանէն վար ազգային խումբը իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ Բ. դասակարգի ախոյեանութեան:
Այս քայլին նպատակն է առիթ տալ մարզիկներուն յաւելեալ փորձառութիւն ձեռք ձգելու եւ խաղացողներուն միջեւ աւելի հասկացողութիւն ստեղծելու:
Նշենք, սակայն, որ անոր ապահոված կէտերը` ախոյեանութեան ընթացքին, հաշուի պիտի չառնուին: