Այսօր` շաբաթ, 11 օգոստոսին, առաւօտեան ժամը 10:00-էն մինչեւ ժամը 13:00 Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնը Նուհատ Նաուֆալ մարզահամալիրին մէջ (Զուք) պիտի գումարէ յատուկ նիստ մը` գլխաւորութեամբ ֆետերասիոնի նախագահ Աքրամ Հալապիի եւ այլ անդամներու:
Այս նիստը յատկացուած պիտի ըլլայ տարիքային դասակարգերու խումբերու կազմութեան, անոր ընթացքին պիտի առնուին կարծիքներ եւ տրուին համապատասխան որոշումներ:
Անոր հրաւիրուած են բոլոր ակումբները, պատասխանատուները, մարզիչները, ինչպէս նաեւ մարզական լրագրողները` խորհրդակցելու համար: