Կազմակերպութեամբ «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ին կիրակի, 12 օգոստոսին տեղի կ՛ունենայ 32-րդ 4×4 ինքնաշարժներու Ա. հանգրուանի մրցումը, որ կ՛իյնայ Լիբանանի 2018 տարեշրջանի 4×4-ի ախոյեանութեան Ա. հանգրուանին ծիրին մէջ:
Նշենք, որ անիկա տեղի պիտի ունենայ Էհտենի մէջ` 2018-ի Էհտենիեթի ամառնային փառատօնին շրջագիծին մէջ:
Ինքնաշարժներուն շարժակներուն ստուգումը պիտի կատարուի կիրակի առաւօտեան ժամը 6:00-ին, մինչ անոր ազդանշանը պիտի տրուի ժամը 8:00-ին:
Նշենք, որ անոր զուգահեռ, տեղի պիտի ունենայ յատուկ մրցում մըն ալ` ժայռերու վրայ կէսօրուան ժամը 12:00-էն սկսեալ: