Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանցիները Հետաքրքրուած Են Հայաստանի Գիւղատնտեսութեամբ

Օգոստոս 10, 2018
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի Հանրապետութեան գիւղատնտեսութեան նախարար Արթուր Խաչատրեան երէկ ընդունած է Հայաստանի մէջ Լիբանանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Մայա Տաղերը:

Ողջունելով հիւրը` Արթուր Խաչատրեան նշած է, որ Հայաստանի եւ Լիբանանի միջեւ պատմականօրէն ձեւաւորուած է սերտ համագործակցութիւն: Յիշատակելով, որ երկու երկիրներու  գիւղատնտեսութեան նախարարութիւններուն միջեւ պատրաստուած է այդ բնագաւառին մէջ համագործակցութեան մասին համաձայնագիրի նախագիծ, որ արդէն ներկայացուած է լիբանանեան կողմին,  նախարարը վստահութիւն յայտնած է, որ այդ փաստաթուղթի ստորագրումը կարելիութիւն կու տայ ընդլայնելու գիւղատնտեսական մարզին մէջ երկկողմանի համագործակցութեան շրջանակը:

Այնուհետեւ Արթուր Խաչատրեան համառօտ ներկայացուցած է Հայաստանի մէջ գիւղատնտեսութեան քաղաքականութեան ներկայ  առաջնահերթութիւնները, որոնց կարգին` աջակցութիւն երկրին մէջ  գիւղատնտեսական համախառն արտադրանքի զգալի մասը ապահովող փոքր գիւղացիական տնտեսութիւններուն, բարձրարժէք գիւղատնտեսութեան զարգացում, արդիւնաբեր այգիներու հիմնում, ոռոգման նորագոյն համակարգերու եւ կարկտապաշտպան ցանցերու  ներդրում, տեղական սերմնարտադրութեան խթանում, ինչպէս նաեւ արտահանման շուկաներու բազմատեսականացում:

Լիբանանեան կողմին հետ աշխուժ համագործակցութիւն ծաւալելու համար աւելի հեռանկարային ուղղութիւններու կարգին նախարար Արթուր Խաչատրեան յատկապէս մատնանշած է սերմնաբուծութիւնը, օրկանական գիւղատնտեսութիւնը, գիւղատնտեսական հումքի վերամշակումը: Միաժամանակ Հայաստանի գիւղատնտեսութեան նախարարը յոյս յայտնած է, որ հայկական գիւղատնտեսական մթերքը կրնայ մեծ պահանջարկ ունենալ լիբանանեան շուկային մէջ:

Լիբանանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Մայա Տաղեր իր կարգին ընդգծած է լիբանանցի գործարար շրջանակներու  պատրաստակամութիւնը Հայաստանի մէջ իրականացնելու ներդրումային նոր ծրագիրներ: Դեսպանը շեշտած է, որ պատմականօրէն ձեւաւորուած տնտեսական յարաբերութիւնները կը հանդիսանան հիմնաքարեր, որոնք կը քաջալերեն ներդրողները: Եւ մինչեւ հիմա  յաջողութեամբ պսակուած ներդրումներն ալ իրենց կարգին  վստահութիւն կը ներշնչեն նոր ներդրում կատարել ուզողներուն համար:

Հանդիպումի ընթացքին դեսպան Մայա Տաղեր տեղեկացուցած է, որ յառաջիկային Լիբանանէն Հայաստան պիտի այցելէ պատուիրակութիւն մը, որուն կազմին մէջ ընդգրկուած են պետական եւ մասնաւոր հատուածի ներկայացուցիչներ, որոնք հետաքրքրուած են շարք մը ոլորտներու մէջ, որոնց կարգին` նաեւ գիւղատնտեսութեան բնագաւառին մէջ ներդրումային միջավայրի ուսումնասիրութեամբ եւ ծրագիրներու  իրականացումով:

Նախորդը

Այն Թինէի Մէջ. Սաատ Հարիրի Հերքեց Կառավարութեան Կազմութեան Հոլովոյթը Արգելակող Արտաքին Գործօններու Գոյութիւնը

Յաջորդը

Սառնարանային Պահեստներու Կառուցման Նպատակով Պիտի Իրականացուի 10 Միլիոն Տոլարի Ներդրումային Ծրագիր

RelatedPosts

Այսօր Ապու Տապիի Մէջ  Փաշինեան-Ալիեւ Հանդիպում
Գլխաւոր լուրեր

Այսօր Ապու Տապիի Մէջ Փաշինեան-Ալիեւ Հանդիպում

Յուլիս 10, 2025
ՀՅԴ-ի Ներկայացուցիչները Մոսկուայի Մէջ  Քննարկած Են Շրջանային  Անվտանգութեան Առնչուող Հարցեր
Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ-ի Ներկայացուցիչները Մոսկուայի Մէջ Քննարկած Են Շրջանային Անվտանգութեան Առնչուող Հարցեր

Յուլիս 10, 2025
Ռուպիօ. «Յոյսով Եմ, Որ Մօտիկ Ապագային  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան  Համաձայնագիր Պիտի Կնքուի»
Հայկական

Ռուպիօ. «Յոյսով Եմ, Որ Մօտիկ Ապագային Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Համաձայնագիր Պիտի Կնքուի»

Յուլիս 10, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?