Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յայտարարութիւններ (8 Օգոստոս 2018)

Օգոստոս 8, 2018
| Յայտարարութիւններ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԱՀԱԶԴ

Տիկին Թերեզ Խաչերեան
Տէր եւ տիկին Խաչիկ եւ Նանոր Խաչերեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Րաֆֆի եւ Քրիստին Չուլուեան եւ զաւակունք
Տիկին Խաթուն Պէօյիւքեան
Տիկին Ալիս Թութուշեան
Գերպ. Տ. Աւետիս Ծ. վրդ. Իփրաճեան` առաջնորդ Յորդանանի հայոց թեմի
Տէր եւ տիկին Փիթըր եւ Գոհար Գարակէօզեան եւ զաւակը
Տէր եւ տիկին Էդուարդ Չուլուեան եւ զաւակը
Իփրաճեան եւ Հալաճեան ընտանիքներ
Կարապետեան ընտանիք
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց ամուսնոյն, հօր, մեծ հօր, եղբօր, մօրեղբօր, հօրեղբօր եւ հարազատին`

ՊԵՏՐՈՍ ԽԱՉԵՐԵԱՆի

մահը, որ պատահեցաւ երեքշաբթի, 7 օգոստոս 2018-ին:

Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի այսօր` չորեքշաբթի, 8 օգոստոսին, կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատունը:

Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:

Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին յետ թաղման արարողութեան, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ, մինչեւ երեկոյեան ժամ 8:00:

—————————————

ՊՈՒՐՃ ՀԱՄՈՒՏԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏՈՒԹԻՒՆ

ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ

Պուրճ Համուտի շրջանի բնակիչներուն ուշադրութեան կը յանձնենք, թէ շրջանին մէջ գործող բոլոր ելեկտրածին շարժակներուն ընդհանուր միջին ժամերու ընդհատումը եղած է 296 ժամ, եւ ըստ ուժանիւթի նախարարութեան կողմէ ճշդուած սակացոյցին, յուլիս ամսուան իւրաքանչիւր քիլոուաթ /ժամի սակ ճշդուած ըլլալով 338 լիբ. ոսկի, հետեւաբար բաժանորդներէն պիտի գանձուի միայն 100.000 լիբ. ոսկի` 5 ամփերի փոխարէն:

—————————————

ՈՒԽՏԻ ՕՐ ՍՈՒՐԲ ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ՎԱՆՔԻ ԵՒ|
ՏՕՆ ՎԵՐԱՓՈԽՄԱՆ ՍՈՒՐԲ ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԻ

ՇԱԲԱԹ, 11 ՕԳՈՍՏՈՍ 2018

– Առաւօտեան ժամերգութիւն` առաւօտեան ժամը 7:00-ին:
– Երեկոյեան ժամերգութիւն` երեկոյեան ժամը 5:00-ին:
– Հանդիսաւոր սուրբ եւ անմահ պատարագ` երեկոյեան ժամը 8:00-ին:

Պիտի պատարագէ`

ԳԵՐՇ. Տ. ՄԱՍԻՍ ԵՊՍ. ԶՕՊՈՒԵԱՆ
(Առաջնորդ Քուէյթի եւ Շրջակայից թեմի)

Ս. պատարագի երգեցողութիւնը պիտի կատարէ կաթողիկոսարանի մանկապատանեկան երգչախումբը:

Արարողութեանց պիտի նախագահէ եւ հայրապետական իր պատգամը փոխանցէ`

ՆՍՕՏՏ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Յաւարտ սուրբ եւ անմահ պատարագին տեղի պիտի ունենայ խաղողի եւ մատաղի օրհնութիւն:

ԿԻՐԱԿԻ, 12 ՕԳՈՍՏՈՍ 2018

Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ պիտի մատուցուի սուրբ եւ անմահ պատարագ:

Պիտի պատարագէ ու քարոզէ`
ԳԵՐՇ. Տ. ՄԵՂՐԻԿ ԵՊՍ. ԲԱՐԻՔԵԱՆ

Յաւարտ Ս. պատարագին տեղի պիտի ունենայ խաղողի օրհնութիւն:

ԵՐԿՈՒՇԱԲԹԻ, 13 ՕԳՈՍՏՈՍ 2018

ՄԵՌԵԼՈՑ

Պիքֆայայի Ս. Աստուածածնի մատրան մէջ պիտի մատուցուի Ս. պատարագ, որուն աւարտին, նախագահութեամբ`

ՆՍՕՏՏ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍին

տեղի պիտի ունենայ հոգեհանգիստ` ազգիս համօրէն ննջեցելոց հոգիներուն ի հանգիստ:

—————————————

ՈՒԽՏԵՐԹՈՒԹԻՒՆ

Այսու մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակներուն կ՛ուզենք յայտարարել, որ Ս. Աստուածածնայ  Վերափոխման տօնին առիթով, օրհնութեամբը` Ս. աթոռոյս գահակալ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. կաթողիկոսին, ուրբաթ, 10 օգոստոս 2018-ին տեղի պիտի ունենայ ուխտերթութիւն մը, կաթողիկոսարանի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարէն դէպի Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանք:

Սոյն ուխտերթութեան նպատակն է, Աստուածամայր Մարիամի բարեխօսութեամբ խաղաղութիւն, իմաստութիւն եւ երկնառաք օրհնութիւն հայցել ամբողջ աշխարհին, եկեղեցիներուն, աշխարհի ղեկավարներուն, Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութեանց, մեր բանակին, մեր ժողովուրդին եւ մանաւանդ մեր զաւակներուն համար:

Ուխտերթութիւնը պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, մասնակցութեամբ միաբան հայրերու, Լիբանանի հայոց թեմի քահանայից դասուն, սարկաւագներուն եւ դպիրներուն:

Ձեր մասնակցութեամբ եւ աղօթակցութեամբ, Աստուածամայր Մարիամի բարեխօսութեամբ եւ մեր կեանքերը Քրիստոսով այլակերպելու վճռակամութեամբ ու փափաքով, բարձրանանք այն լեռը, ուր պիտի հանգչի մեր սիրտն ու հոգին:

ՔՐԻՍՏՈՆԷԱԿԱՆ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ԲԱԺԱՆՄՈՒՆՔ

—————————————

ՇՆՈՐՀԱԿԱԼԻՔ

Օրդ. Սեդա Խաչատուրեան, տէր եւ տիկին Էտուար եւ Զարմինէ Խանզէթեան եւ տիկին Վիոլեթ Մարկոսեան եւ զաւակունք շնորհակալութիւն կը յայտնեն բոլոր անոնց, որոնք անձամբ, ծաղկեպսակով, նուիրատուութեամբ, հեռաձայնով, ե-նամակով կամ այլապէս մասնակից եղան իրենց մօր, մեծ մօր, զոքանչին եւ հարազատին` ՀՌԻՓՍԻՄԷ ՄԿՐԵԱՆ-ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆԻ մահուան սուգին:

—————————————

ԾԱԽՈՒ ՀՈՂԱՇԵՐՏ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ

1200 քառ. մեթր, օժտուած` ջուրով, կազով եւ ելեկտրականութեամբ, Երեւանէն 2 քիլոմեթր հեռու, Վահագնի թաղամասէն ետք, Վանայ հովիտ թաղամասին դիմաց:

Դիմել` հեռ. 00374 91 157777 թիւին:

 

Նախորդը

Պասքեթպոլ. Ասիոյ 18 Տարեկանէն Վար Ախոյեանութիւն. Լիբանան-Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ` 84-57

Յաջորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

RelatedPosts

Յայտարարութիւններ

Յայտարարութիւններ (23 Հոկտեմբեր 2025)

Հոկտեմբեր 23, 2025
Յայտարարութիւններ

Յայտարարութիւններ (22 Հոկտեմբեր 2025)

Հոկտեմբեր 22, 2025
Յայտարարութիւններ

Յայտարարութիւններ (20 Հոկտեմբեր 2025)

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?