Լիբանանի նախագահ Միշել Աուն հոկտեմբերին պիտի այցելէ Հայաստան: «Արմէնփրես»-ի փոխանցումով, այս մասին կը հաղորդէ «Մաստարնիւզ»-ը` վկայակոչելով Լիբանանի նախագահի մամլոյ ծառայութիւնը:
Աունը հանդիպումներ պիտի ունենայ Հայաստանի գործընկերներուն հետ եւ պիտի մասնակցի Երեւանի մէջ տեղի ունենալիք Ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութեան 17-րդ վեհաժողովին: