Նոր Զելանտայի «Կանաչներու» կուսակցութիւնը երկրի խորհրդարանին կոչ ուղղած է սկսելու Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հոլովոյթը: Այս մասին կը հաղորդէ Նոր Զելանտայի պետական «Թի.Վի. Էն.Զի.» պատկերասփիւռի կայանը:
Նախաձեռնութեան հեղինակներէն մէկը Նոր Զելանտայի խորհրդարանի «Կանաչներու» կուսակցութենէն երեսփոխան Հարեթ Հիուկն է: Ան նշած է, որ մտադիր է օրինագիծ ներկայացնել ցեղասպանութեան ճանաչման մասին:
«Ես կը խնդրեմ խորհրդարանէն աջակցիլ օրինագիծին: Հայերուն հետ տեղի ունեցածը կապուած է մեր պատմութեան», ըսած է ան:
Պատմաբան Ճէյմս Ռոպինզ նշած է, որ նորզելանտացի զինուորները իրենց յուշերուն ու օրագիրներուն մէջ գրած են ցեղասպանութեան մասին եւ այդ պատմութիւնները իրենց հետ տուն տարած:
Հարեթ Հիուկ յայտարարած է նաեւ, որ Նոր Զելանտան Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հարցին մէջ պէտք է հետեւի օրինակին Գերմանիոյ, Հոլանտայի, Ֆրանսայի եւ աշխարհի այլ երկիրներու, որոնք պաշտօնապէս ճանչցած եւ դատապարտած են 1915 թուականի ողբերգութիւնը:
«Պատմութիւնը կը կրկնուի յաճախ, եւ ատիկա պիտի շարունակուի, եթէ չճանչնանք մեր անցեալը», ըսած է Նոր Զելանտայի Հայ դատի գրասենեակի նախագահ Հուրի Ելտիզեան:
Կը հաղորդուէր նաեւ, որ երէկ Նոր Զելանտայի խորհրդարանին մէջ Հայոց ցեղասպանութեան մասին «Ոչնչացնելու մտադրութիւնը» վաւերագրական շարժանկարը պիտի ցուցադրուէր: