Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յայտարարութիւններ (4 Օգոստոս 2018)

Օգոստոս 4, 2018
| Յայտարարութիւններ
0
Share on FacebookShare on Twitter
ՈՒԽՏԵՐԹՈՒԹԻՒՆ

Այսու մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակներուն կ՛ուզենք յայտարարել, որ Ս. Աստուածածնայ  Վերափոխման տօնին առիթով, օրհնութեամբը` Ս. աթոռոյս գահակալ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. կաթողիկոսին, ուրբաթ, 10 օգոստոս 2018-ին տեղի պիտի ունենայ ուխտերթութիւն մը, կաթողիկոսարանի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարէն դէպի Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանք:

Սոյն ուխտերթութեան նպատակն է, Աստուածամայր Մարիամի բարեխօսութեամբ խաղաղութիւն, իմաստութիւն եւ երկնառաք օրհնութիւն հայցել ամբողջ աշխարհին, եկեղեցիներուն, աշխարհի ղեկավարներուն, Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութեանց, մեր բանակին, մեր ժողովուրդին եւ մանաւանդ մեր զաւակներուն համար:

Ուխտերթութիւնը պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, մասնակցութեամբ միաբան հայրերու, Լիբանանի հայոց թեմի քահանայից դասուն, սարկաւագներուն եւ դպիրներուն:

Ձեր մասնակցութեամբ եւ աղօթակցութեամբ, Աստուածամայր Մարիամի բարեխօսութեամբ եւ մեր կեանքերը Քրիստոսով այլակերպելու վճռակամութեամբ ու փափաքով, բարձրանանք այն լեռը, ուր պիտի հանգչի մեր սիրտն ու հոգին:

ՔՐԻՍՏՈՆԷԱԿԱՆ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ԲԱԺԱՆՄՈՒՆՔ

—————————————

ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ

ԹԱԳՈՒՀԻ ՌԵՆ ՄԵԼՔԻՍԷԹԵԱՆի (ծնեալ` Կարմիրեան) մահուան քառասունքին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի ուրբաթ, 3 օգոստոս 2018-ին, Հայ կաթողիկէ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ-Ս. Եղիա աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ (Տեպպաս հրապարակ), կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին:

Յետ հոգեհանգստեան արարողութեան, Կարմիրեան, Մելքիսէթեան, Ասաատ, Զաւզաւաթճեան եւ Քէօշկերեան ընտանիքներ ցաւակցութիւն պիտի ընդունին եկեղեցւոյ սրահին մէջ, մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00:

ԱԼԵՔՍԱՆ ԽԱՉԵՐԵԱՆի մահուան Ա. տարելիցին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 5 օգոստոս 2018-ին, Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:

ԳՐԻԳՈՐ ՇԱՀՊԱԶԵԱՆի մահուան քառասունքին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 5 օգոստոս 2018-ին, Պուրճ Համուտի Հայ կաթողիկէ Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ մէջ, առաւօտեան ժամը 10:30-ին:

—————————————

ՇՆՈՐՀԱԿԱԼԻՔ

Տիկին Մարի Պոյաճեան եւ որդիք` Վիգէն, Հրայր եւ Վազգէն իրենց ընտանիքներով, շնորհակալութիւն կը յայտնեն բոլոր անոնց, որոնք անձամբ, ծաղկեպսակով, նուիրատուութեամբ եւ հեռաձայնով, ե-նամակով կամ այլապէս մասնակից եղան իրենց ամուսնոյն, հօր, մեծ հօր, ՍԱՄՈՒԷԼ ՊՈՅԱՃԵԱՆԻ մահուան սուգին։

—————————————

ՄԱՄԼՈՅ ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

Այսու կը տեղեկացնենք, թէ յառաջիկայ աշունէն սկսեալ, Հազմիէի Մխիթարեան վարժարանը կը տեղափոխուի Ռաուտայի թաղամասի նորաբաց Մխիթարեան վարժարանին մէջ, որուն շինարարական աշխատանքները իրենց աւարտին կը հասնին յառաջիկայ օգոստոս ամսուան վերջաւորութեան: Միաժամանակ կը տեղեկացնենք, որ Հազմիէի նախկին տեսուչ հ. Յովսէփ վրդ. Թոփալեանի միաբանական եւ կանոնական կապերը Մխիթարեան միաբանութեան հետ դադրած են 9 յունիս 2018 թուականէն սկսեալ:

Սեպտեմբերի սկիզբը տեղի պիտի ունենայ «Բաց դռներ»-ու ձեռնարկ` լիբանանահայ համայնքին մօտէն ծանօթացնելու համար վարժարանը, անոր առաքելութիւնը եւ ուղեգիծը: Իսկ 30 սեպտեմբերին տեղի կ՛ունենայ վարժարանի բացման պաշտօնական արարողութիւնը` մասնակցութեամբ միաբանութեան քահանայապետական պատուիրակ Տ. Լեւոն արք. Զէքիեանի:

Բարձրորակ ուսման, որակեալ կրթութեան եւ հայեցի ու քրիստոնէական լաւագոյն դաստիարակութեան տեսիլքով եւ ծրագրով մեկնող Ռաուտայի Մխիթարեան վարժարանը իր նորաշէն կառոյցներով եւ արդիական սարքաւորումով կը դառնայ լիբանանահայ աշակերտին 21-րդ դարու գաղափարական ուսումնարանը:

ԴԻՒԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՄԻԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ
Ս. ՂԱԶԱՐ ՎԵՆԵՏԻԿ

29 յունիս 2018

—————————————

Հայ աւետարանական շամլեան թաթիկեան
Երկրորդական Վարժարան

Հիմնուած 1934-ին
Պուրճ Համուտ

2018-2019–ի Վերամուտ

Միշտ Հայ աշակերտին կողքին հոգածու դաստիարակութեամբեւսերտուած կրթաթոշակով:

 Արձանագրութիւն

Արձանագրութիւնները սկսած են եւ Տէրը կամի պիտի շարունակուին Սեպտեմբեր 4-էն սկսեալ ամէն օր՝ ժամը 9.00-12.00: Մինչեւ Յուլիսի վերջը ներկայացող դիմումնագիրներուն առաջնահերթութիւն պիտի տրուի:

Վերամուտ՝

  • Երկ. Գ. Կարգի(Bacc. II–i) եւ Միջ. Գ. Կարգի(Brevet) դասաւանդութիւնները կը սկսին Երկուշաբթի` 10 սեպտեմբերին:
  • Երկրորդական բաժնի դասաւանդութիւնները կը սկսին Երեքշաբթի` 25 սեպտեմբերին, առաւօտեան ժամը 8.00-ին:
  • Նախակրթարանի բաժնի դասաւանդութիւնները կը սկսին  Չորեքշաբթի` 26 սեպտեմբերին, առաւօտեան ժամը 8.00-ին:
  • Մանկապարտէզի կրթական տարեշրջանը կը սկսի Հինգշաբթի՝ 27 սեպտեմբերին, առաւօտեան ժամը 8.00-ին:

Ծանօթ: Կ’ընդունինք 1 տարեկան եւ 8 ամսու փոքրիկները ծիլ դասարան, ամիսը $120 կրթաթոշակով:

Նորեկ աշակերտներ

Նորեկ աշակերտներպարտին ներկայացնել, վիճակացոյցի եւ վաւերացուած «իֆէտէ»ի կողքին, բարի վարուց վկայագիր: Նորեկ աշակերտներումուտքի քննութիւն՝ ժամադրութեամբ:

—————————————

ԱԶԳԱՅԻՆ ԵՂԻՇԷ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ ՔՈԼԵՃ
2018-2019 ՏԱՐԵՇՐՋԱՆԻ
ՎԵՐԱՄՈՒՏ

Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի տնօրէն խորհուրդը կը յայտնէ, թէ 2018/2019 տարեշրջանի արձանագրութիւնները սկսած են արդէն եւ կը շարունակուին յուլիս ամսուան ընթացքին` երեքշաբթի եւ հինգշաբթի օրերը, իսկ 3 սեպտեմբերէն սկսեալ ամէն օր առաւօտեան ժամը 8:00-էն 1:00:

Գիրգերու եւ տարազներու վաճառքը պիտի սկսի հինգշաբթի, 6 սեպտեմբերին:

Կրթական նոր տարեշրջանի վերամուտը տեղի պիտի ունենայ հետեւեալ ձեւով`

– Հինգշաբթի, 6 սեպտեմբեր` Թ. դասարան եւ ԺԲ. դասարաններու բոլոր բաժանմունքները:
– Երկուշաբթի, 17 սեպտեմբեր` նախակրթարան, միջնակարգի Է. եւ Ը. դասարաններ եւ երկրորդականի Ժ. եւ ԺԱ. դասարաններ:
– Երկուշաբթի, 24 սեպտեմբեր` մանկապարտէզ:
– Մանկամսուրը, իր երկու բաժանմունքներով, յուլիս ամսուն եւ 1 սեպտեմբերէն սկսեալ բաց է եւ կ՛ընդունի 3 ամսականէն մինչեւ 3 տարեկան փոքրիկներ:

Նորեկ աշակերտները պարտին իրենց հետ ունենալ`
Անձնաթուղթի լուսապատճէն
2 լուսանկար
Նախորդ վարժարանէն վիճակացոյց
Փոխանցման գիր եւ պետական թիւի վաւերացուած հաստատագիր:

Նշենք, որ քոլեճի մէջ, յաջորդական 5-րդ տարին ըլլալով, կը գործէ Մանկավարժական խորհրդատուութեան բաժանմունքը, ուր գործող հոգեբան-խորհրդատուն, ուղղախօսութեան մասնագէտը, հոգեշարժողութեան մասնագէտը եւ ուղղավարժը պատրաստ են օժանդակելու կրթական դժուարութիւններ ունեցող աշակերտներուն:

Յաւելեալ մանրամասնութիւններու համար կարելի է կապուիլ տնօրէն խորհուրդին:

Արդիւնաբեր կրթական տարեշրջանի մը մաղթանքներով`

ՏՆՕՐԷՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ

—————————————

ԾԱԽՈՒ ՅԱՐԿԱԲԱԺԻՆ

Պուրճ Համուտ, 100 քառ. մեթր, մայր ճամբու վրայ, 4-րդ յարկ:

Դիմել` հեռ. 76-691830:

 

Նախորդը

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Էլի Ռըսթոմ Եւ Նէյթ Ռոպինսըն Միացան ՀՄԸՄ-ի Տղոց Կազմին

Յաջորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

RelatedPosts

Յայտարարութիւններ

Յայտարարութիւններ (9 Մայիս 2025)

Մայիս 9, 2025
Յայտարարութիւններ

Յայտարարութիւններ (8 Մայիս 2025)

Մայիս 8, 2025
Յայտարարութիւններ

Մամլոյ Արձակուրդ

Մայիս 6, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?