Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախարար Արծուիկ Մինասեան Հանդիպում Ունեցած Է Հայաստանի Մէջ Չինաստանի Դեսպանին Հետ

August 4, 2018
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի Հանրապետութեան տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարար Արծուիկ Մինասեան հանդիպում ունեցած է Հայաստանի մէջ Չինաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Թիան Էրլունի հետ:

Հանդիպումին մասնակցած են նախարարի տեղակալներ Մանէ  Ադամեան, Աւագ Աւանեսեան, Յակոբ Աւագեան եւ այլ պաշտօնատար անձեր:

Ողջունելով դեսպանը` նախարարը կարեւոր նկատած է Չինաստանի հետ առեւտրական եւ տնտեսական յարաբերութիւններու զարգացումը, շնորհակալութիւն յայտնած միացեալ աշխատանքի եւ իրականացուող ծրագիրներու ու աջակցութեան համար:

Դեսպան Էրլունը ողջունած է նախարար Մինասեանի վերադարձը եւ տնտեսութեան մարզին մէջ անոր շարունակական գործունէութիւնը, անդրադարձած Հայաստանի մէջ իրականացուող ծրագիրներուն:

Հանդիպումին երկուստեք նշուած է, որ առեւտրական, տնտեսական յարաբերութիւններու աշխուժացման ու վերագործարկման անհրաժեշտութիւն եւ լաւ ներուժ կայ: Դրական աշխուժութիւն կայ գրեթէ բոլոր ոլորտներուն մէջ:

Նախարարը ներկայացուցած է Հայաստանի մէջ իրականացուող տնտեսական բարեփոխումները, անդրադարձած ներդրումային դաշտի եւ գործարար միջավայրի բարելաւման աշխատանքներուն:

Քննարկուած են թեթեւ արդիւնաբերութեան, տեղեկատուական արհեստագիտութեան,  վերականգնուող ուժանիւթի, ուղեւորափոխադրումներու ու բեռնափոխադրումներու եւ շարք մը այլ ոլորտներու վերաբերող հարցեր: Նշուած են զբօսաշրջութեան մարզին մէջ արձանագրուած աճը եւ նոր մակարդակի հասնելու կարելիութիւնները: Անդրադարձ կատարուած է Փեքինի մէջ աշնան նախանշուող հայ-չինական միջկառավարական յանձնախումբի հերթական նիստի նախապատրաստական աշխատանքներուն:

Հանդիպումի աւարտին կողմերը անգամ մը եւս կարեւոր նկատած եւ հաստատած են տնտեսական երկկողմանի յարաբերութիւններու  ընդլայնման պատրաստակամութիւնը:

 

Նախորդը

Ռուսիոյ Պաշտպանութեան Փոխնախարարը Կը Հերքէ Հայաստանի Խոստացուած Զէնքերու Մատակարարման Սառեցման Լուրը

Յաջորդը

Զախարովա. «Լաւրովի Օրակարգին Վրայ Մնացականեանի Հետ Հանդիպում Նախատեսուած Չէ»

RelatedPosts

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի  Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի  Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի  Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»
Գլխաւոր լուրեր

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»

September 16, 2026
Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային  Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ  Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»
Հայկական

Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»

September 16, 2026
Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր  Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ  Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»
Գլխաւոր լուրեր

Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.