Փարիզ Սեն Ժերմենին մաս կազմող ուրուկուէյցի միջազգային յառաջապահ Էտինսոն Քաւանի իր մասնակցութիւնը պիտի չկարենայ բերել Մոնաքոյի դէմ տեղի ունենալիք Ֆրանսայի ֆութպոլի գերբաժակի մրցաշարքի մրցումին, կը յայտնէ «Լ՛էքիփ»:
31 տարեկան Քաւանի, ո 2018-ի Մոնտիալին ընթացքին վիրաւորուեցաւ, ցարդ ապաքինումի ընթացքին մէջ է:
Նշուեցաւ նաեւ, որ հարցականի տակ է նաեւ պրազիլցի Նէյմարի մասնակցութիւնը:
Յայտնենք, որ Փարիզ Սեն Ժերմեն-Մոնաքօ մրցումը տեղի պիտի ունենայ շաբաթ, 4 օգոստոսին, Չինաստանի մէջ: