Ուրուկուէյի ֆութպոլի ֆետերասիոնի պաշտօնական կայքը տեղեկացուց, որ անոր նախագահը` Վիլմար Վալտես, ներկայացուց իր հրաժարականը տեղի ունենալիք նոր ընտրութիւններէն մէկ օր առաջ:
Նշուեցաւ, որ նոր ընտրութիւններուն Վալտես մտադիր էր առաջադրել իր թեկնածութիւնը, ապա փոխած էր իր որոշումը:
Ան ըսաւ, թէ ընտանեկան եւ անձնական պատճառներով է, որ չ՛ուզեր առաջադրել իր թեկնածութիւնը:
Ան 2014-էն ի վեր Ուրուկուէյի ֆութպոլի ֆետերասիոնին նախագահն է: