«Մարքա» կը տեղեկացնէ, որ քաթալոնական Պարսելոնա ֆութպոլի ակումբը կ՛ուզէ ծախել «Նու քամփ»-ի մարզադաշտի անուանումին իրաւունքը` փոխան 300 միլիոն եւրոյի:
Կը կարծուի, որ ասիկա տեղի պիտի ունենայ 2019-ի սկիզբը:
Նշուեցաւ, որ «Նու Քամփ»-ի անուանումին իրաւունքը ձեռք կ՛ուզեն ձգել ամերիկեան եւ ասիական ընկերութիւններ:
Նախորդ ապրիլին յայտնի դարձաւ, որ Պարսելոնա քաղաքային խորհուրդին հետ պայմանաւորուած է իր մարզադաշտին վերակառուցման աշխատանքներուն սկսելու:
Շինարարական աշխատանքները կը գնահատուին 600 միլիոն եւրոյով:



