Քիեւոյի պատասխանատուները որոշեցին բարձրացնել Եուվենթուսի դէմ տեղի ունենալիք «Քալչիօ»-ի 2018-2019 տարեշրջանի ախոյեանութեան Ա. հանգրուանի մրցումներուն գիները, կը յայտնէ «Սփորմետիասաթ»-ը:
Ասիկա տեղի կ՛ունենայ փորթուգալցի յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտոյի Ռէալ Մատրիտէն Եուվենթուս տեղեփոխումին պատճառով:
Ամէնէն աժան տոմսակին գինը 30 ամերիկեան տոլարէն բարձրացաւ 50-ի, իսկ ամէնէն սուղնոցինը` 100-էն 150-ի:
Ըստ շրջանառութեան մէջ դրուած այլ լուրերու, Փարմա-Եուվենթուս մրցումին (Գ. հանգրուան) տոմսերը կը վաճառուին բնական գինէն եօթը անգամ աւելի սուղ: