Անգլիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախկին նախագահ Տէյվիտ Թրիսման նշեց, որ Քաթար պիտի չկարենայ հիւրընկալել 2022-ի Մոնտիալը, եթէ ապացուցուի, որ ընտրութիւններուն ընթացքին ՖԻՖԱ-ին կանոնագիրը խախտած է:
Ան յայտնեց, որ Քաթարի փոխարէն Անգլիա պատրաստ է ինք հիւրընկալելու Մոնտիալը:
«Իվնինկ Սթանտարտ», մէջբերելով Թրիսմանի խօսքերը կը նշէ, որ սխալ պիտի ըլլայ, եթէ Անգլիոյ թեկնածութեան հարցը չքննարկուի Քաթարի փոխարէն:
Յիշեցնենք, որ 2022-ի Մոնտիալը հիւրընկալելու համար իրենց թեկնածութիւնը առաջադրած էին Աւստրալիա, Միացեալ Նահանգներ, Ճափոն-Քորէա (Միացեալ թեկնածութիւն) եւ Քաթար:
Վերջինս ինք ստացաւ իրաւունքը: