ՄԱՀԱԶԴ
Տէր եւ տիկին Ներսէս եւ Մակի Արթին եւ դուստրը` Սերենա
Տէր եւ տիկին Վարդիվառ եւ Սիւզի Գասապեան եւ զաւակները` Հրայր եւ Աւօ
Տէր եւ տիկին Սամ եւ Ծովիկ Քէօշկերեան եւ զաւակը` Տիգրան
Տիկին Քլատիս Թէնքէրեան եւ զաւակունք
Տիկին Լուսին Օգճեան եւ զաւակունքa
Տիկին Ժորժեթ Օհաննէսեան եւ զաւակունք
Հանգուցեալ Սաթենիկ Մելքոնեանի ընտանիք
Արթին եւ Գէորգեան ընտանիքներ
Գասապեան եւ Քէօշկերեան ընտանիքներ
Թէնքէրեան եւ Օգճեան ընտանիքներ
Օհաննէսեան եւ Մելքոնեան ընտանիքներ
Բրուտեան եւ Կարապետեան ընտանիքներ
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց մօր, մեծ մօր, քրոջ, մօրաքրոջ եւ հարազատին`
ԱԼԻՍ ԱՐԹԻՆԻ
(Ծնեալ` Գէորգեան)
մահը, որ պատահեցաւ երեքշաբթի, 31 յուլիս 2018-ին, յետ կարճատեւ հիւանդութեան:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի այսօր` չորեքշաբթի, 1 օգոստոսին, կէսօրէ ետք ժամը 1:30-ին, Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին նախքան եւ յետ թաղման արարողութեան, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00, եկեղեցւոյ սրահին մէջ:
—————————————
ՄԱՀԱԶԴ
Տիկին Ատրինէ Էկիւլեան (Աւստրալիա)
Տէր եւ տիկին Ռուբէն Էկիւլեան (Աւստրալիա)
Տէր եւ տիկին Արա եւ Մէյրի Պատան եւ ընտանիք (Աւստրալիա)
Գայեանէ եւ Անի Էկիւլեան
Տէր եւ տիկին Յակոբ Մանուկեան (Քանատա)
Քէշիշեան եւ Էկիւլեան ընտանիքներ
Պատան եւ Մանուկեան ընտանիքներ
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց ամուսնոյն, հօր, մեծ հօր, եղբօր եւ հարազատին`
ՓԱՆՈՍ ԷԿԻՒԼԵԱՆԻ
(Ծնեալ` Պէյրութ, 1935-ին)
մահը, որ պատահեցաւ երեքշաբթի, 31 յուլիս 2018-ի առաւօտեան ժամը 5:00-ին, Սիտնիի մէջ (Աւստրալիա), յետ կարճատեւ հիւանդութեան:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի հինգշաբթի, 2 օգոստոսին, կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին, Սիտնիի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
—————————————
ՄԱՄԼՈՅ ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ
Այսու կը տեղեկացնենք, թէ յառաջիկայ աշունէն սկսեալ, Հազմիէի Մխիթարեան վարժարանը կը տեղափոխուի Ռաուտայի թաղամասի նորաբաց Մխիթարեան վարժարանին մէջ, որուն շինարարական աշխատանքները իրենց աւարտին կը հասնին յառաջիկայ օգոստոս ամսուան վերջաւորութեան: Միաժամանակ կը տեղեկացնենք, որ Հազմիէի նախկին տեսուչ հ. Յովսէփ վրդ. Թոփալեանի միաբանական եւ կանոնական կապերը Մխիթարեան միաբանութեան հետ դադրած են 9 յունիս 2018 թուականէն սկսեալ:
Սեպտեմբերի սկիզբը տեղի պիտի ունենայ «Բաց դռներ»-ու ձեռնարկ` լիբանանահայ համայնքին մօտէն ծանօթացնելու համար վարժարանը, անոր առաքելութիւնը եւ ուղեգիծը: Իսկ 30 սեպտեմբերին տեղի կ՛ունենայ վարժարանի բացման պաշտօնական արարողութիւնը` մասնակցութեամբ միաբանութեան քահանայապետական պատուիրակ Տ. Լեւոն արք. Զէքիեանի:
Բարձրորակ ուսման, որակեալ կրթութեան եւ հայեցի ու քրիստոնէական լաւագոյն դաստիարակութեան տեսիլքով եւ ծրագրով մեկնող Ռաուտայի Մխիթարեան վարժարանը իր նորաշէն կառոյցներով եւ արդիական սարքաւորումով կը դառնայ լիբանանահայ աշակերտին 21-րդ դարու գաղափարական ուսումնարանը:
ԴԻՒԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՄԻԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ
Ս. ՂԱԶԱՐ ՎԵՆԵՏԻԿ
29 յունիս 2018
—————————————
ԱԶԳԱՅԻՆ ԵՂԻՇԷ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ ՔՈԼԵՃ
2018-2019 ՏԱՐԵՇՐՋԱՆԻ
ՎԵՐԱՄՈՒՏ
Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի տնօրէն խորհուրդը կը յայտնէ, թէ 2018/2019 տարեշրջանի արձանագրութիւնները սկսած են արդէն եւ կը շարունակուին յուլիս ամսուան ընթացքին` երեքշաբթի եւ հինգշաբթի օրերը, իսկ 3 սեպտեմբերէն սկսեալ ամէն օր առաւօտեան ժամը 8:00-էն 1:00:
Գիրգերու եւ տարազներու վաճառքը պիտի սկսի հինգշաբթի, 6 սեպտեմբերին:
Կրթական նոր տարեշրջանի վերամուտը տեղի պիտի ունենայ հետեւեալ ձեւով`
– Հինգշաբթի, 6 սեպտեմբեր` Թ. դասարան եւ ԺԲ. դասարաններու բոլոր բաժանմունքները:
– Երկուշաբթի, 17 սեպտեմբեր` նախակրթարան, միջնակարգի Է. եւ Ը. դասարաններ եւ երկրորդականի Ժ. եւ ԺԱ. դասարաններ:
– Երկուշաբթի, 24 սեպտեմբեր` մանկապարտէզ:
– Մանկամսուրը, իր երկու բաժանմունքներով, յուլիս ամսուն եւ 1 սեպտեմբերէն սկսեալ բաց է եւ կ՛ընդունի 3 ամսականէն մինչեւ 3 տարեկան փոքրիկներ:
Նորեկ աշակերտները պարտին իրենց հետ ունենալ`
Անձնաթուղթի լուսապատճէն
2 լուսանկար
Նախորդ վարժարանէն վիճակացոյց
Փոխանցման գիր եւ պետական թիւի վաւերացուած հաստատագիր:
Նշենք, որ քոլեճի մէջ, յաջորդական 5-րդ տարին ըլլալով, կը գործէ Մանկավարժական խորհրդատուութեան բաժանմունքը, ուր գործող հոգեբան-խորհրդատուն, ուղղախօսութեան մասնագէտը, հոգեշարժողութեան մասնագէտը եւ ուղղավարժը պատրաստ են օժանդակելու կրթական դժուարութիւններ ունեցող աշակերտներուն:
Յաւելեալ մանրամասնութիւններու համար կարելի է կապուիլ տնօրէն խորհուրդին:
Արդիւնաբեր կրթական տարեշրջանի մը մաղթանքներով`
ՏՆՕՐԷՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
—————————————
ԾԱԽՈՒ ԵՆ
Պուրճ Համուտի Սիսի շրջանին մէջ 2 անջատ յարկաբաժիններ,
իւրաքանչիւրը 65 քառ. մեթր, ինչպէս նաեւ 2 խանութներ:
Դիմել` հեռ. 03-781250:
—————————————
ԿԸ ՆՈՒԻՐԵՆ
Շահէ Գանթարճեանի մահուան առիթով փոխան ծաղկեպսակի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ կատարուած են հետեւեալ նուիրատուութիւնները.
Տէր եւ տիկին Վարուժան եւ Սեդա Գանթարճեան 200.000 լ.ո., Տապպաղեան ընտանիք 100.000 լ..ո., տիկին Մարլեն Էմիրզեան-Խալաֆ 50$, տէր եւ տիկին Հրաչ եւ Իզապէլ Տէկիրմենճեան 50.000 լ.ո., տէր եւ տիկին Րաֆֆի Յովսէփեան 50.000 լ.ո., տէր եւ տիկին Կարօ Յովսէփեան 50.000 լ.ո., Արլեթ Տէր Կարապետեան 50.000 լ.ո., տէր եւ տիկին Վահան Ասրապեան 50.000 լ.ո., «Աղթամար»-ի յատուկ յանձնախումբ 50.000 լ.ո., տիար Պօղոս Գանթարճեան 50.000 լ.ո., Նելլի եւ Մարուն Շաար 50.000 լ.ո. եւ տիար Ժիրայր Գանթարճեան եւ ընտանիք 40.000 լ.ո.: