Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան 31 յուլիսին ընդունած է ԵԱՀԿ-ի գործող նախկին նախագահի անձնական ներկայացուցիչ դեսպան Անճէյ Քասփրչիքը: Այս մասին տեղեկացուցած է Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութիւնը:
Հանդիպումի ընթացքին նախարարը դեսպանին ներկայացուցած է Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի գօտիին մէջ տիրող ընդհանուր իրավիճակն ու իրադրութիւնը արցախեան եւ ազրպէյճանական պետական սահմանին: Քննարկուած են նաեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն հետ նախորդ հանդիպումէն ի վեր տեղի ունեցած զարգացումները: