
Ռիօ-2016-ի ողիմպիական խաղերուն, սուսերամարտի կրկնակի ախոյեան Եանա Եգորեան, Ռուսիոյ կազմին հետ հանդիսացաւ աշխարհի փոխախոյեան:
Չինաստանի Ուսի քաղաքին մէջ տեղի ունեցած աշխարհի ախոյեանութեան աւարտականին, Ռուսիա պարտուեցաւ Ֆրանսայէն եւ տիրացաւ արծաթէ մետալին: Հարաւային Քորէա հանդիսացաւ երրորդ: