ՖԻՖԱ-ի նախկին նախագահ Սեփ Պլեթթըր յայտարարեց, թէ Ֆրանսայի նախկին նախագահ Նիքոլա Սարքոզի ճնշում գործադրեց Միշել Փլաթինիի վրայ, որպէսզի Քաթար իրաւունք ստանայ հիւրընկալելու համար 2022-ի Մոնտիալը:
«Շատ գէշ նորութիւն մը: Քաթար կը մեղադրուի միւս թեկնածուները զրպարտելու մէջ: Ասոր մասին կը վկայէ այն փաստը, որ անիկա այդ իրաւունքը ստացաւ այն բանէն ետք, երբ Սարքոզի ճնշում բանեցուց ՖԻՖԱ-ի փոխնախագահ Միշել Փլաթինիի վրայ», ըսաւ Պլեթթըր:
Պլեթթըր ՖԻՖԱ-ի նախագահի պաշտօնը վարեց շուրջ 17 տարի:
Ան 2015-ին հեռացուեցաւ իր պաշտօնէն, երբ անոր գծով կատարուեցան բազմաթիւ բացայայտումներ, որոնց կարգին` կաշառակերութեան վերաբերեալ: