Ղազախստանի ֆութպոլի ախոյեանութեան 20-րդ հանգրուանի ծիրին մէջ, նախորդ շաբաթավերջին Ժեթիսու իր դաշտէն դուրս յաղթեց Օրտապասիի (2-1):
Հիւր կազմին յաղթանակի կոլը 27-րդ վայրկեանին նշանակեց Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Էտկար Մալաքեան:
Անոր կերտած այս յաղթանակին մէջ իր կարեւոր բաժինը ունեցաւ Կամօ Յովհաննիսեան, որ կատարեց այդ կոլին էսիսթը:
Այս կոլը Մալաքեանին համար եղաւ երկրորդը` այս ախոյեանութեան ընթացքին:
Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, Ժեթիսու բարձրացաւ 5-րդ դիրք` իր տրամադրութեան տակ ունենալով 25 կէտ: