Նախորդ շաբաթավերջին, Ֆինլանտայի մէջ աւարտեցաւ Եւրոպայի 19 տարեկանէն վար ֆութպոլի ախոյեանութիւնը, երբ տեղի ունեցաւ աւարտական մրցումը` Փորթուգալի եւ Իտալիոյ ազգային խումբերուն միջեւ:
Փորթուգալ երկարաձգումէն ետք հանդիսացաւ Եւրոպայի ախոյեան` 4-3 արդիւնքով յաղթելով Իտալիոյ:
Կիսաւարտականին, Փորթուգալ 5-0 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնեց Ուքրանիան, իսկ Իտալիա` Ֆրանսան (2-0):