Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Զախարովա. «Ռուսիան Թէ՛ Հայաստանի, Թէ՛ Ազրպէյճանի Բարեկամ Երկիր Ըլլալով, Հետաքրքրուած Է Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապին Լուծումով»

July 31, 2018
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա, որ տարեկան «Ժառա» երաժշտական փառատօնին ներկայ ըլլալու նպատակով այցելած է Պաքու,  «Սփութնիք»-ի ազրպէյճանական ծառայութեան հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին պատասխանելով այն հարցումին, թէ Մոսկուան ինչպէ՞ս կը վերաբերի Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ղեկավարներու, ինչպէս նաեւ արտաքին գործոց նախարարներու միջեւ հաւանական հաղորդակցութիւններուն, նշած է, որ Մոսկուան կ՛ողջունէ Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ հաղորդակցութիւնները: Ան պնդած է, որ գոյութիւն ունեցող խնդիրներուն լուծման համար անհրաժեշտ է երկկողմանի հաղորդակցութիւն, երկխօսութիւն` հիմնուած փոխադարձ յարգանքի վրայ:

«Ռուսիան, Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման հարցին մէջ թէ՛ միջնորդ հանդիսանալով, թէ՛ ալ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի բարեկամ երկիր ըլլալով, հետաքրքրուած է տագնապի լուծումով», ընդգծած է ան:

Լրագրողը յիշեցուցած է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի յայտարարութիւնը, թէ «Ռուսիան ունի Ղարաբաղի մէջ պատերազմը կանխարգիլելու բոլոր լծակները» եւ հարցուցած. «Մոսկուայի մէջ ի՞նչ կը մտածեն այս մասին»: «Կը կարծեմ` այս պարագային ոեւէ մէկը մէջբերելու կարիք չկայ: Ռուսիան պատմականօրէն ինքզինք դրսեւորած է իբրեւ պատասխանատու միջնորդ, որ բազմիցս գործով ապացուցած է իր միջնորդական դերը: Այդպէս պիտի ըլլայ նաեւ ապագային: Ղարաբաղեան հարցին շուրջ մեր դիրքորոշումը անփոփոխ է», պատասխանած է Զախարովա:

Ան նշած է, որ Մոսկուան ղարաբաղեան տագնապի հարցին մէջ ունի յստակ դիրքորոշում, որ երբեք երկիմաստ չէ եղած: «Բոլոր ջանքերը կեդրոնացած են միջնորդական դերին վրայ, որուն վերջնական նպատակն է երկու կողմին համար ալ ընդունելի համաձայնութիւններու ձեռքբերումը: Թէ՛ Պաքուն, թէ՛ Երեւանը գիտեն, որ Մոսկուան այդ առումով վստահելի գործընկեր է: Կողմերը վստահութիւն ունին Մոսկուայի եւ անոր դերին նկատմամբ», ըսած է Զախարովա:

Նախորդը

Թուրքիոյ Մէջ Հայկական Եկեղեցին Պիտի Վերածեն Արուեստի Կեդրոնի

Յաջորդը

Սոչիի Մէջ Հրդեհի Մը Պատճառով Զոհուած Են 4 Հայեր

RelatedPosts

Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին
Գլխաւոր լուրեր

Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին

October 29, 2026
Մորաթինոս. «ՄԱԿ-ը Պատրաստ Է Աջակցելու  Հայ-Ազրպէյճանական Հաշտեցման Եւ Կրօնական  Յուշարձաններու Պաշտպանութեան»
Հայկական

Մորաթինոս. «ՄԱԿ-ը Պատրաստ Է Աջակցելու Հայ-Ազրպէյճանական Հաշտեցման Եւ Կրօնական Յուշարձաններու Պաշտպանութեան»

October 29, 2026
Պորտիուժա. «Հայաստանը  Պէտք Է Հեռացնել ՀԱՊԿ»-էն
Գլխաւոր լուրեր

Պորտիուժա. «Հայաստանը Պէտք Է Հեռացնել ՀԱՊԿ»-էն

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.