Թուրքիոյ Քոնիա նահանգի Աքշեհիր շրջանին մէջ գտնուող հայկական եկեղեցւոյ վերանորոգումը սկսած է: Այս մասին կը հաղորդէ «Նիուզ»-ը:
Թրքական «Իսթասիոնկազեթէ»-ի փոխանցումով` Աքշեհիրի քաղաքապետարանին միջոցներով վերանորոգուող հայկական եկեղեցին կը նախատեսուի վերածել արուեստի կեդրոնի:
Աքշեհիրի քաղաքապետը տեղւոյն վրայ ծանօթացած է վերանորոգման աշխատանքներուն եւ վստահեցուցած, որ երկու միլիոն լիրա (500 հազար տոլար) արժողութեամբ վերանորոգումը պիտի աւարտի յունուար 2019-ին:
Ան շեշտած է, որ եկեղեցին պիտի դառնայ արուեստի կեդրոն, ուր պիտի կազմակերպուին արուեստի ցուցահանդէսներ: