ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Հաճելի ժամանակ պիտի անցընէք ձեր հարազատներուն հետ: Արկածախնդրական պտոյտ մը պիտի ունենաք, բայց զայրոյթէն հեռու մնացէք: Հանդարտ եղէք այս օրերուն: Ընտանեկան խրախճանք մը պիտի ունենաք:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Պիտի ուրախանաք ճամբորդութեամբ կամ սիրելիներ դիմաւորելով: Օտարներուն մի՛ վստահիք: Կասկածի եւ զգուշ ըլլալու քաղաքականութիւն վարեցէք: Զրոյց մը պիտի ունենաք, ատոր լոյսին տակ ձեր տեսակէտը պիտի փոխուի:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Բախտը ձեզի պիտի ժպտի: Այս օրերուն կարեւոր պայմանագիր մը պիտի ստորագրէք եւ շահ մը պիտի ապահովէք: Սիրային յարաբերութիւններ պիտի ունենաք: Պիտի հանդիպիք մարդոց, որոնց հետ անցեալին չէք համաձայնած:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Նոր ծրագիրներ պիտի մշակէք եւ նոր առաջարկներ պիտի ներկայացնէք: Դրական փոփոխութիւն մը պիտի ունենաք ձեր կեանքին մէջ: Այս օրերուն բախտը ներկայ պիտի ըլլայ ձեզի հետ: Վերատեսութեան պիտի ենթարկէք կարգ մը առաջնահերթութիւններ:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Գործ մը պիտի աւարտէք կամ` ներդրումային ծրագիր մը: Օգտուեցէք այս շրջանէն, որպէսզի կրկնապատկէք ձեր կամքը: Եթէ առիթ ունիք, ճամբորդութիւն մը կատարեցէք: Մեծ ազդեցութիւն ունիք ձեր շրջապատին մէջ:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Տարբեր մարզերու մէջ ձեր տեսակէտը պիտի պարտադրէք: Անձնական կեանքին մէջ նոր շրջան մը պիտի սկսիք: Տագնապեցնող օրեր պիտի ապրիք: Փոփոխութիւններ պիտի մտցնէք ձեր որոշումներուն մէջ: Ձեր ինքնավստահութիւնը պիտի վերագտնէք:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Մի վախնաք արկածախնդրութենէն: Ուրախ պահեր պիտի ապրիք: Ձեր տրամադրութիւնը հանդարտ պիտի ըլլայ եւ պիտի վայելէք բարի անակնկալներ: Անակնկալ նիւթական շահ մը պիտի ապահովէք: Գնահատական մը պիտի ստանաք:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Շրջապատուեցէք ձեր տնեցիներով, որպէսզի ապահով զգաք: Կարգ մը հարցերու պատասխան պիտի գտնէք: Ճամբորդութիւն մը պիտի կատարէք կամ հրաւէր մը պիտի ստանաք: Ձեզի պարտադրուած յաւելեալ գործը պիտի նեղացնէ ձեզ:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Պիտի սկսիք վերլուծել երեւոյթները: Պիտի պարտադրէք ուրիշներուն, որ յարգեն եւ արժեւորեն ձեր ճիգը պահելու նոր յարաբերութիւն մը: Զգուշ եղէք վէճէ մը, որ պիտի ծագի մէկու մը հետ:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Անակնկալ հարց մը պիտի ծագի այս օրերուն: Վերջնական որոշում մը պիտի տաք: Փոփոխութեան պիտի ենթարկուին ձեր առաջարկները եւ տեսակէտները: Ձեր ժողովրդականութիւնը պիտի աւելնայ այս օրերուն: Երկար սպասումէ եւ համբերութենէ ետք լաւ անուն շահած էք:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Զգուշ եղէք այն անձերէն, որոնք կասկած կ՛արթնցնեն ձեր մէջ: Ուշադիր եղէք վէճերէ եւ վիճաբանութիւններէ: Պիտի փափաքիք փոխել ձեր գործը, բայց ուշադիր եղէք ձախողութենէ: Հանդարտութեամբ նոր սկիզբ մը պիտի սերտէք:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Ձեր շրջապատին մէջ լաւ անուն պիտի ձգէք: Անակնկալ ու անսպասելի լուրեր պիտի ստանաք: Շրջապատուեցէք սիրելի անձերով եւ հարազատներով: Նիւթական ճնշումներ պիտի ապրիք: Անձնական եւ աշխատանքային դասաւորումներ պիտի կատարէք: