ՄԱՀԱԶԴ
Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը, թաղականութիւնը, տիկնանց միութիւնը, աղքատախնամ մարմինը եւ դպրաց դասը կը գուժեն թաղական խորհուրդի երկարամեայ գործուն անդամ
ՍԻՐԱԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆԻ
մահը, որ պատահեցաւ, կիրակի, 29 յուլիս 2018-ին:
—————————————
ՄԱՀԱԶԴ
Տիկին Անթուանեթ Տէր Ղուկասեան եւ դուստրը` Շողիկ
Տէր եւ տիկին Խաչիկ եւ Վալերիա Տէր Ղուկասեան եւ զաւակը` Ֆրանսիսքօ
Տէր եւ տիկին Յակոբ եւ Մարօ Տէր Ղուկասեան եւ զաւակները` Միհրէ եւ Արամազդ
Տիկին Լուսին Տումանեան եւ դուստրը` Ռիթա
Տէր եւ տիկին Սլէյման եւ Հիյամ Սալլում եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Սելիմ եւ Սուհա Նոհրա եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Էլիաս եւ Լոռ Ժրէյժ եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Վիգէն եւ Արաքս Տումանեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Գէորգ եւ Անի Թաշճեան եւ զաւակունք
Տիկին Սրբիկ Իբրանոսեան եւ դուստրը` Քրիսթինա
Տիկին Անահիտ Թիքանոֆ եւ զաւակունք
Տիկին Սոնա Թաշճեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Արմէն եւ Սալբի Թաշճեան եւ զաւակունք
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց ամուսնոյն, հօր, մեծ հօր, եղբօր, քեռիին, կնքահօր, խնամիին եւ հարազատին`
ՍԻՐԱԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆԻ
(Ծնեալ` 1928-ին)
մահը, որ պատահեցաւ կիրակի, 29 յուլիս 2018-ին:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի երեքշաբթի, 31 յուլիսին, կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին, Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Ֆըրն Շըպպեքի Ազգային գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին յետ թաղման արարողութեան, Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ «Կարպիս եւ Արեգ Նազարեան» սրահին մէջ, մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00, իսկ չորեքշաբթի, 1 օգոստոսին եւ հինգշաբթի, 2 օգոստոսին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00, նոյն վայրին մէջ:
Ծանօթ.- Փոխան ծաղկեպսակի` նուիրատուութիւնները կատարել Ս. Նշան եկեղեցւոյ տիկնանց միութեան եւ թաղականութեան:
—————————————
ՄԱՀԱԶԴ
Տէր եւ տիկին Օննիկ եւ Միրնա Գանթարճեան եւ դուստրը` Բերլա
Տէր եւ տիկին Արտեմ եւ Գոհար Գանթարճեան
Տէր եւ տիկին Լէոն եւ Նայիրի Գրաճեան
Տէր եւ տիկին Անթուան Էմիրզեան եւ զաւակունք
Տիկին Հայկուհի Մաթիկեան
Տիկին Նուէր Յովսէփեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Վարուժան Գանթարճեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Կարպիս Գանթարճեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Յակոբ Գանթարճեան եւ զաւակունք
Տիկին Մայտա Քէօշկերեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Ժերար Գանթարճեան եւ զաւակունք
Տիկին Ծաղիկ Խաչատուրեան եւ զաւակունք
Տոքթ. Կարօ Յովսէփեան եւ զաւակը
Տիկին Արլեթ Տէր Կարապետեան եւ զաւակը
Տիար Րաֆֆի Յովսէփեան եւ զաւակունք
Գանթարճեան եւ Գրաճեան ընտանիքներ
Էմիրզեան եւ Եոզկաթեան ընտանիքներ
Խալաֆ եւ Առաքելեան ընտանիքներ
Տապպաղեան եւ Քահհալէ ընտանիքներ
Շվուքեան եւ Տէքիրմէնճեան ընտանիքներ
Գաբրիէլեան ընտանիք
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց եղբօր, հօրեղբօր, հօրեղբօրորդւոյն եւ հարազատին`
ՇԱՀԷ ԳԱՆԹԱՐՃԵԱՆԻ
մահը, որ պատահեցաւ կիրակի, 29 յուլիս 2018-ին, կէսօրէ ետք ժամը 3:30-ին, յետ կարճատեւ հիւանդութեան:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի այսօր` երկուշաբթի, 30 յուլիսին, կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Ֆըրն Շըպպեքի Ազգային գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Ցաւակցութիւնները պիտի ընդունուին նախքան եւ յետ թաղման արարողութեան, կէսօրէ ետք ժամը 1:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00, Ազգային առաջնորդարանի, «Երջօ Սամուէլեան- Եռագոյն» սրահին մէջ:
—————————————
ԱԶԳԱՅԻՆ ԵՂԻՇԷ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ ՔՈԼԵՃ
2018-2019 ՏԱՐԵՇՐՋԱՆԻ
ՎԵՐԱՄՈՒՏ
Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի տնօրէն խորհուրդը կը յայտնէ, թէ 2018/2019 տարեշրջանի արձանագրութիւնները սկսած են արդէն եւ կը շարունակուին յուլիս ամսուան ընթացքին` երեքշաբթի եւ հինգշաբթի օրերը, իսկ 3 սեպտեմբերէն սկսեալ ամէն օր առաւօտեան ժամը 8:00-էն 1:00:
Գիրգերու եւ տարազներու վաճառքը պիտի սկսի հինգշաբթի, 6 սեպտեմբերին:
Կրթական նոր տարեշրջանի վերամուտը տեղի պիտի ունենայ հետեւեալ ձեւով`
– Հինգշաբթի, 6 սեպտեմբեր` Թ. դասարան եւ ԺԲ. դասարաններու բոլոր բաժանմունքները:
– Երկուշաբթի, 17 սեպտեմբեր` նախակրթարան, միջնակարգի Է. եւ Ը. դասարաններ եւ երկրորդականի Ժ. եւ ԺԱ. դասարաններ:
– Երկուշաբթի, 24 սեպտեմբեր` մանկապարտէզ:
– Մանկամսուրը, իր երկու բաժանմունքներով, յուլիս ամսուն եւ 1 սեպտեմբերէն սկսեալ բաց է եւ կ՛ընդունի 3 ամսականէն մինչեւ 3 տարեկան փոքրիկներ:
Նորեկ աշակերտները պարտին իրենց հետ ունենալ`
Անձնաթուղթի լուսապատճէն
2 լուսանկար
Նախորդ վարժարանէն վիճակացոյց
Փոխանցման գիր եւ պետական թիւի վաւերացուած հաստատագիր:
Նշենք, որ քոլեճի մէջ, յաջորդական 5-րդ տարին ըլլալով, կը գործէ Մանկավարժական խորհրդատուութեան բաժանմունքը, ուր գործող հոգեբան-խորհրդատուն, ուղղախօսութեան մասնագէտը, հոգեշարժողութեան մասնագէտը եւ ուղղավարժը պատրաստ են օժանդակելու կրթական դժուարութիւններ ունեցող աշակերտներուն:
Յաւելեալ մանրամասնութիւններու համար կարելի է կապուիլ տնօրէն խորհուրդին:
Արդիւնաբեր կրթական տարեշրջանի մը մաղթանքներով`
ՏՆՕՐԷՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
—————————————
ՀԱՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ ՇԱՄԼԵԱՆ ԹԱԹԻԿԵԱՆ
Երկրորդական վարժարան
Հիմնուած 1934-ին
Պուրճ Համուտ
հեռ.01/261749 ֆաքս.01/240996
ե-նամակ aessbh@terra.net.lb
2018-2019-Ի ՎԵՐԱՄՈՒՏ
Միշտ հայ աշակերտին կողքին
Հոգածու դաստիարակութեամբ եւ սերտուած կրթաթոշակով
Արձանագրութիւն
Արձանագրութիւնները սկսած են եւ եթէ Տէրը կամի պիտի շարունակուին 4 սեպտեմբերէն սկսեալ ամէն օր` ժամը 9:00-էն 12:00: Մինչեւ յուլիսի վերջը ներկայացող դիմումնագիրներուն առաջնահերթութիւն պիտի տրուի:
Վերամուտ`
Երկրորդականի Գ. կարգի եւ Միջնակարի Գ. կարգի (պրէօվէ) դասաւանդութիւնները կը սկսին երկուշաբթի,10 սեպտեմբերին:
Երկրորդական բաժինի դասաւանդութիւնները կը սկսին երեքշաբթի, 25 սեպտեմբերին առաւօտեան ժամը 8:00-ին:
Նախակրթարանի բաժինի դասաւանդութիւնները կը սկսին չորեքշաբթի, 26 սեպտեմբերին, առաւօտեան ժամը 8:00-ին:
Մանկապարտէզի կրթական տարեշրջանը կը սկսի հինգշաբթի, 27 սեպտեմբերին, առաւօտեան ժամը 8:00-ին:
Ծանօթ: Կ՛ընդունինք 1 տարեկան եւ 8 ամսու փոքրիկները ծիլ դասարան, ամիսը 120 տոլարի կրթաթոշակով:
Նորեկ աշակերտներ
Նոր աշակերտներ պարտին ներկայացնել, վիճակացոյցի եւ վաւերացուած «իֆետէ»-ի կողքին, բարի վարուց վկայագիր: Նորեկ աշակերտներու մուտքի քննութիւն` ժամադրութեամբ:
—————————————
ՀԱՅԿԱԶԵԱՆ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆ
ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ
Հայկազեան համալսարանը կը փափաքի պաշտօնակոչել շինութեանց, մաքրութեան եւ սպասարկման (facilities) վերահսկիչ մը` վարչական եւ թեքնիք փորձառութեամբ:
Հետաքրքրուողները թող բարեհաճին իրենց աշխատանքային կենսագրութիւնը («սի.վի.ն») ղրկել staffapplications@haigazian.edu.lb