Շաբաթ, 28 յուլիսին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնը Ժալ Էլ Տիպի իր կեդրոնատեղիին մէջ գումարեց արտակարգ նիստ մը` նախագահութեամբ փոխնախագահ Էտի Պու Զախըմի եւ անդամներուն մեծամասնութեան (ներկայ եղան 9 անդամներ):
Այս նիստին ընթացքին Աքրամ Հալապի ընտրուեցաւ ֆետերասիոնի նախագահ, Թոնի Խալիլ` ընդհանուր քարտուղար, մինչ Ղազի Պուսթանի` Լիբանանի ազգային խումբերու յանձնախումբի նախագահ:
Այս ընտրութիւններէն կարճ ժամանակ ետք, նոր անդամները ստացան շնորհաւորագիրներ:
Առաջին շնորհաւորողները հանդիսացան ՀՄԸՄ-ի ընտանիքը` Լիբանանի մէջ գտնուող իր բոլոր մասնաճիւղերով, Շանվիլ ակումբը, ինչպէս նաեւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան մարզական բաժանմունքի նախագահ, միջազգային ողիմպիական դասախօս Ժիհատ Սալամէ, Անդրանիկ եւ ուրիշներ:
ՀՄԸՄ յաջողութիւն մաղթեց նոր նախագահին եւ ընդհանուր քարտուղարին` իրենց նոր պաշտօններուն համար, աւելցնելով, որ բոլորին միասնական գործակցութեամբ, կարելի պիտի ըլլայ զարգացնել այս մարզաձեւը եւ օժանդակել անոր մնայուն վերելքին:
Ստորեւ` ֆետերասիոնի վարչութեան նոր կազմը` անոր անդամներուն ստանձնած նոր պաշտօններով.
Աքրամ Հալապի` նախագահ, Տումեթ Քալլապ` Ա. փոխնախագահ, Սելիմ Ֆաուալ` Բ. փոխնախագահ, Ռամի Ֆաուազ` Գ. փոխնախագահ, Էտի Պու Զախըմ` Դ. փոխնախագահ, Թոնի Խալիլ ընդհանուր քարտուղար, Էլի Ֆարհաթ` գանձապահ, Ռոժէ Աշքութի` հաշուապահ, Ղազի Պուսթանի` ազգային խումբերու յանձնախումբի նախագահ, Եասեր Հաժ, Շարպել Ռըզք, Թամմամ Ժարուտի, Ճորճ Սապունճեան եւ Փաթրիք Լահուտ (խորհրդականներ):