Լիբանանի պիչ-ֆութպոլի ախոյեանութեան 4-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, շաբաթ, 28 յուլիսին, ՀՄԸՄ Անթիլիասի նորաստեղծ խումբը, որ մրցեցաւ Շապապ Ժընահի դէմ (Բ. խմբակ), 4-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց անկէ:
Ռամլեթ Պայտայի մէջ տեղի ունեցած այս մրցումին, ՀՄԸՄ-ի կազմը յաջողեցաւ ներկայացնել լաւ ելոյթ մը, սակայն չկրցաւ յաղթանակ մը արձանագրել, մանաւանդ որ խումբը այս ախոյեանութեան գծով իր առաջին մասնակցութիւնը կը բերէ:
Թէեւ ցարդ 5-րդ հանգրուանի մրցումները կան, սակայն այս հանգրուանին ՀՄԸՄ մրցում չունի կատարելիք:
5-րդ հանգրուանէն ետք կ՛աւարտին խմբակներու դրութեամբ տեղի ունեցող մրցումները:
Շուտով պիտի սկսին նաեւ բաժակի մրցումները: