Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը, արձագանգելով Արցախի պաշտպանութեան բանակի հրամանատար Լեւոն Մնացականեանի այն յայտարարութեան, թէ անհրաժեշտութեան պարագային Մինկեչաուրի ելեկտրակայանը կրնայ հայկական կողմին թիրախը հանդիսանալ, յայտարարած է. «Հայաստանի տարածքին մէջ կան թիրախներ, որոնց ոչնչացումէն ետք հոն հարիւրաւոր տարիներ կեանք գոյութիւն պիտի չունենայ»` շատ հաւանաբար ակնարկելով Մեծամօրի հիւլէակայանին: Այս մասին կը հաղորդէ «ՓանԱրմինիըն»-ը:
Անշուշտ, այդ հիւլէակայանին վրայ որեւէ յարձակում վտանգ կը հանդիսանայ ո՛չ միայն Հայաստանի, այլ նաեւ Թուրքիոյ, Իրանի, Վրաստանի եւ Ազրպէյճանի համար:
Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան յայտարարութեան մէջ նաեւ կ՛ըսուի. «Ազրպէյճանի զինանոցին մէջ կան աւերիչ ուժ ունեցող սպառազինութեան ամէնէն արդիական միջոցները, որոնք կրնան սեղմ ժամկէտի մէջ ոչնչացնել հակառակորդի բոլոր կարեւոր զինուորական դիրքերն ու հաղորդակցութեան գիծերը», ինչպէս նաեւ կը պնդուի, որ երկրին հակահրթիռային պաշտպանութեան համակարգերը լիովին կ՛երաշխաւորեն երկրին ապահովութիւնը: