Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ժիրինովսքի.«Եթէ Ռուսական Բանակը Հայաստան Չըլլար, Ղարաբաղի Մէջ Հայերուն Արդէն Սպաննած Կ՛ըլլային»

Յուլիս 27, 2018
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիոյ Ազատական-ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար Վլատիմիր Ժիրինովսքի «Ռոսիա 1» պատկերասփիւռի կայանէն սփռուած հաղորդումին ժամանակ յայտարարած է, որ առանց Հայաստանի մէջ ռուսական բանակին գոյութեան` «Ղարաբաղի մէջ հայերուն կը սպաննէին»:

«Ղարաբաղի մէջ շատոնց արդէն հայերուն սպաննած պիտի ըլլային: Միայն այն պատճառով, որ մեր բանակը կանգնած է Հայաստանի մէջ` Ղարաբաղի հայերը կ՛ապրին հանգիստ ու խաղաղ», աւելցուցած է Ժիրինովսքի:

Պատասխանելով յետխորհրդային տարածքին մէջ ազգամիջեան տագնապներուն Ռուսիոյ մասնակցութեան մասին հարցումին` Ժիրինովսքի ըսած է, թէ Ռուսիան «կը պաշտպանէ եւ կը փրկէ ամբողջ նախկին Խորհրդային Միութեան բնակչութիւնը»:

Ժիրինովսքի նախապէս ազրպէյճանական ԱՓԱ լրատու գործակալութեան հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարած էր, թէ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը պիտի լուծուի միայն Խորհրդային Միութեան վերականգնուելուն պարագային:

«Մենք Ռուսիոյ Ազատական-ժողովրդավարական կուսակցութեան մէջ արդէն երկար տարիներէ ի վեր կը կրկնենք մեր բաղադրատոմսը: Ամբողջ յետխորհրդային տարածքին մէջ բազմաթիւ ազգամիջեան, տարածքային տագնապներ կան: Ո՛չ միայն Լեռնային Ղարաբաղի մէջ, այլ նաեւ Հարաւային Օսեթիոյ, Աբխազիոյ, Արեւելեան Ուքրանիոյ, Խրիմի, Խըրխըզիստանի, Ուզպեքիստանի մէջ եւ այլ օճախներու մէջ», ըսած էր ան` նշելով, որ անոնք բոլորը ազգային շրջաններ ստեղծելու եւ արհեստական սահմաններ գծելու խորհրդային իշխանութիւններու սխալ որոշումներու հետեւանք են:

«Իրավիճակը կարելի է ուղղել միայն սրբագրելով սկզբնական սխալը, այդ պատճառով նախկին խորհրդային Միութեան տարածքին մէջ խաղաղութիւն պիտի հաստատուի միայն միասնական երկրի վերամիաւորման պարագային, որպէսզի բոլոր ժողովուրդները իրենք զիրենք մէկ մեծ տարածքի մէջ զգան` ինչպէս տան մէջ, եւ անհրաժեշտութիւն չըլլայ սահմաններ բաժնելու», նշած էր ան:

Ժիրինովսքի աւելցուցած էր, որ միաւորուիլ կարելի է միայն կամովին, եւ ուշ կամ կանուխ ատիկա տեղի պիտի ունենայ:

Ան նշած էր նաեւ, որ Ռուսիան չի կրնար կտրուկ դիրքորոշում ունենալ կողմերէն մէկուն օգտին: «Մեր շահերը կ՛ենթադրեն աշխատանքային յարաբերութիւններ պահպանել բոլորին հետ, որովհետեւ մեզի ձեռնտու չեն մեր սահմաններուն մօտ ճգնաժամային իրավիճակները», ըսած էր ան:

Նախորդը

Սուրիացի Տեղահանուածներու Տունդարձի Ծրագիրին Գծով. Ռուսիոյ Նախագահին Պատուիրակը Լիբանանի Իշխանութեան Պետերուն Հետ Հանդիպումը Շատ Դրական Կը Գնահատէ

Յաջորդը

Ազրպէյճան Կը Խօսի Մեծամօրի Հիւլէականը Հարուածելու Մասին

RelatedPosts

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւն
Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւնը

Հոկտեմբեր 18, 2025
Եւրոպայի Ընկերվարականներու Կուսակցութիւնը Ազրպէյճանին Կոչ Կ՛ուղղէ Ապահովելու Արցախահայութեան Վերադարձը
Հայկական

Եւրոպայի Ընկերվարականներու Կուսակցութիւնը Ազրպէյճանին Կոչ Կ՛ուղղէ Ապահովելու Արցախահայութեան Վերադարձը

Հոկտեմբեր 18, 2025
Մարակոս. «Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է Իր Գործիքները Ներդրելու «Թրամփի Ուղի» Նախագիծը Եւ «Խաղաղութեան Խաչմերուկ» Նախաձեռնութիւնը Կեանքի Կոչելու Համար»
Հայկական

Մարակոս. «Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է Իր Գործիքները Ներդրելու «Թրամփի Ուղի» Նախագիծը Եւ «Խաղաղութեան Խաչմերուկ» Նախաձեռնութիւնը Կեանքի Կոչելու Համար»

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?