Երէկ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինը հրապարակեց յայտարարութիւն մը, որուն մէջ անդրադառնալով Յունաստանը պատուհասած հրդեհներուն, նշեց. «ՀՅԴ Հայաստանի կազմակերպութիւնը խորապէս կը ցաւակցի եղբայրական յոյն ժողովուրդին` Աթէնքի մերձակայքը հրդեհներու պատճառած անդառնալի մարդկային կորուստներու եւ վնասներու առիթով, իր վշտակցութիւնն ու զօրակցութիւնը կը յայտնէ նաեւ զոհերու հարազատներուն:
Լիայոյս ենք, որ յոյն ժողովուրդը պիտի յաղթահարէ այս ծանր փորձութիւնը»: