Արցախի Հանրապետութեան պետական նախարար Գրիգորի Մարտիրոսեան 24 յուլիսին ընդունած է Այնճարի քաղաքապետ Վարդգէս Խօշեանը:
Զրուցակիցները միտքեր փոխանակած են Լիբանան արցախեան գիւղատնտեսական վերամշակուած արտադրանքի արտահանման կարելիութիւն վերաբերեալ:
Շնորհակալութիւն յայտնելով ջերմ ընդունելութեան համար` Վ. Խօշեան կարեւոր նկատած է Քաշաթաղի շրջանի Կովսական քաղաքի քոյր քաղաք Այնճարի հետ ձեւաւորուած սերտ համագործակցութիւնը` նշելով, որ կը նախատեսուի լիբանանահայ ներուժի ներդրումով զարկ տալ Կովսականի մէջ հողագործական ձեռնարկումներու:
Հանդիպումին ներկայ էր ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Վահագն Դադայեան: