Երէկ` 25 յուլիս 2018-ին, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի քարոզչական եւ հանրային կապերու յանձնախումբը Հայաստանի մէջ Յունաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան առջեւ զօրակցական հաւաք կազմակերպեց:
Խումբ մը դաշնակցականներ հաւաքուած են դեսպանատան առջեւ, մոմեր վառած, ծաղիկներ զետեղած` յարգելով բարեկամ Յունաստանը պատուհասած անտառային հրդեհներու պատճառով զոհուած մարդոց յիշատակը, ինչպէս նաեւ բարոյական աջակցութիւն յայտնելու յոյն ժողովուրդին: