ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յովիկ Մխիթարեան եւ Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Աւետիս Կիտանեան «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ ընդունեցին Յոյն ուղղափառ հանդիպումի մէկ պատուիրակութիւնը` նախագահութեամբ հանդիպումի նախագահ Միշել Թուէյնիի, որուն ընկերակցեցան հանդիպումի անդամներ Նիքոլա Սապա, Քամիլ Շահին եւ Սամիր Նաայմէ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան տեղական եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Յոյն ուղղափառ հանդիպումին մշակած ընտրական օրինագիծը:
Հանդիպումին ընթացքին ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն եւ Յոյն ուղղափառ հանդիպումը համաձայնեցան շարունակել քննարկումները` հասնիլ կարենալու համար ընտրական այնպիսի օրէնքի մը, որ կը գոհացնէ լիբանանեան քաղաքական բոլոր կողմերը, ինչպէս նաեւ խորհրդարանին մէջ բոլոր համայնքներուն համար ճշգրիտ ներկայացուցչութիւն կ՛ապահովէ:


