Լիբանանի մինի ֆութպոլի ֆետերասիոնը յատուկ երեկոյի մը ընթացքին «Էլիթ» պանդոկին մէջ (Ռաուշէ) կատարեց Լիբանանի մինի ֆութպոլի 2018 տարեշրջանի Ա. դասակարգի առաջին ախոյեանութեան վիճակաձգութիւնը: Ախոյեանութեան ազդանշանը կը տրուի ուրբաթ, 27 յուլիսին` մասնակցութեամբ 24 ակումբներու, որոնք բաժնուած են չորս խմբակի, իւրաքանչիւրը` 6 խումբ:
Նախքան վիճակաձգութիւնը, Լիբանանի մինի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Ահմետ Տանաշ շեշտեց կարեւորութիւնը մինի ֆութպոլի ախոյեանութեան` նշելով, որ բոլորին ճիգերով կարելի պիտի ըլլայ հասնիլ յաջողութեան:
Ապա ֆետերասիոնի ընդհանուր քարտուղար Ժիլպեր Ապպուտ բացատրեց ախոյեանութեան օրէնքները` դիտել տալով, որ երթուդարձի մրցումներէն ետք իւրաքանչիւր խմբակի առաջին երկու դիրքերը գրաւող խումբերը կ՛ապահովեն քառորդ աւարտականին իրենց տոմսերը:
Քառորդ աւարտականին գծով եւս տեղի կ՛ունենան երթուդարձի մրցումներ, մինչ կիսաւարտականին երեք մրցումէ երկու յաղթանակ արձանագրող խումբը կ՛ապահովէ աւարտականի իր տոմսը:
Աւարտականին, հինգ մրցումէ երեք յաղթանակ արձանագրող խումբը կը հանդիսանայ Լիբանանի ախոյեան:
Իւրաքանչիւր խումբի մաս պիտի կազմեն 20 մարզիկներ, ներառեալ` երեք օտարականներ:
Ապա, ֆետերասիոնի անդամ Պիլալ Եազպեք կատարեց վիճակաձգութիւնը` ներկայութեամբ ակումբներու ներկայացուցիչներուն եւ մարզական լրագրողներու: