Երէկ` չորեքշաբթի, 18 յուլիսին Մալեզիոյ մայրաքաղաք Քուալա Լամփուր մեկնեցաւ լիբանանցի ֆութպոլի իրաւարար Ահմետ Ալաէտտին (26 տարեկան)` իր մասնակցութիւնը բերելու համար Ասիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին հսկողութեամբ, տեղի ունենալիք իրաւարարներու ակադեմիայի երրորդ բանակումին:
Այսպիսով, ան երրորդ անգամն ըլլալով կը մեկնի այդ բանակումին` լաւապէս պատրաստուելու համար միջազգային մրցումներու իրաւարարութիւնը կատարել կարենալու համար:
Այս բանակումին կը մասնակցին ասիական 27 երկիրներէ 42 իրաւարարներ, որոնց տարիքը կը տարուբերի 25-էն 28-ի միջեւ:
Բանակումին աւարտին Ասիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնը պիտի յայտարարէ յաջողած իրաւարարներուն անունները: