«Եւրոպայի լիկա»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի զտումի Ա. հանգրուանի դարձի մրցումներուն ծիրին մէջ, հայրենի երեք կազմերը այսօր կարեւոր մրցումներ ունին կատարելիք:
Առաջին մրցումին, որ պիտի սկսի ժամը 18:00-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով), Գանձասար պիտի հիւրընկալէ Լեխ Փոզնանը:
Ժամը 20:00-ին, Փիւնիկ հիւրը պիտի ըլլայ Վարտար Սքոփյէի:
Իսկ վերջին մրցումին, ժամը 21:15-ին, Ֆ. Ք. Սարայեւօ պիտի հիւրընկալէ Բանանցը:
Երթին Գանձասար պարտութիւն մը կրեց (2-0), Փիւնիկ 1-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց, մինչ Բանանց պարտուեցաւ (2-1):
Հայրենի կազմերէն կ՛ակնկալուի ամէն գնով շրջանցել այսօրուան իրենց մրցակիցները` ապահովել կարենալու համար զտումի Բ. հանգրուանի իրենց տոմսը: