Խրուաթիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի եւ Այնթրախթ Ֆրանքֆորթի յառաջապահ Անթէ Ռեպիչ կատարեց օրինակելի քայլ մը: Ան իր հարազատ քաղաքին` Սփլիթի 500 բնակիչներու տուրքերը վճարեց, նշեց անոր մտերիմ մէկ ընկերը` Լովրօ Շինթիք, «Սփորթ-Պազըր»-ի հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին:
«Անթէ ծնած է Խրուաթիոյ փոքր քաղաքներէն մէկուն` Սփլիթի մէջ: Երբ ան 16 տարեկան էր, արդէն իսկ պարզ էր, որ ան ի զօրու է ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին մեծ յառաջխաղացք արձանագրել», ըսաւ Շինթիք: