Իր հրապարակած մէկ լուրին մէջ, «Ֆորպզ» ներկայացուց աշխարհի ամէնէն շատ վարձատրուող մարզիկներու նոր ցանկը:
Պարսելոնայի եւ Եուվենթուսի յառաջապահներ Լիոնել Մեսսի եւ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ տեղ գրաւեցին առաջին տասնեակին մէջ, առաջինը` 8-րդ, իսկ երկրորդը` 10-րդ:
Պարսելոնայի հետ իր կնքած նոր պայմանագիրին հիմամբ, որ ստորագրուեցաւ նախորդ տարի, արժանթինցին տարեկան կը շահի 80 միլիոն ամերիկեան տոլար, ներառեալ` յաւելավճարները:
Ինչ կը վերաբերի փորթուգալցիին, Եուվենթուսի հետ անոր տարեկան աշխատավարձը կը կազմէ 30 միլիոն եւրօ, իսկ «Նայքի»-ի հետ կնքած պայմանագիրին հիմամբ, ան պիտի ստանայ մէկ միլիառ տոլար: