Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մտորումներ` 2018-ի Մոնտիալէն. Ռուսիա Արդարացուց Իր Վրայ Դրուած Յոյսերը` Բացառիկ Աշխարհի Ախոյեանութիւն Մը Հիւրընկալելով

July 18, 2018
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԱՐԳԻՍ ՏԵՄԻՐՃԵԱՆ

Աշխարհի ֆութպոլի ախոյեանութիւնը` 21-րդ մոնտիալը, որուն հիւրընկալ երկիրը հանդիսացաւ Ռուսիա, տեղի ունեցաւ 10 քաղաքներու մէջ, ուր կառուցուած էին արդիական 4 խաղավայրեր (ընդամէնը` 11 ֆութպոլի մարզադաշտեր):

Իսկապէս, արդարացի ըլլալու համար կու գամ ըսելու, որ Ռուսիա շատ լաւ ձեւով կազմակերպեց 2018-ի մոնտիալը` արդարացնելով իր վրայ դրուած յոյսերը:

32 երկիրներու մասնակցութեամբ տեղի ունեցած այս մոնտիալը տեւեց ճիշդ 31 օր:

Տարիներ առաջ, մոնտիալ մը չսկսած, 2-3 խումբեր իբրեւ թեկնածու նկատի կ՛առնուէին` տիտղոսին տիրանալու համար:

Սակայն վերջին քսան տարիներուն պատկերը փոխուած է, նախ որովհետեւ խումբերուն թիւը 16-էն բարձրացած է 32-ի:

Երկրորդ` ֆութպոլի մակարդակը շատ մեծ յառաջդիմութիւն արձանագրած է, ինչ որ պատճառ դարձած է, որ ֆութպոլի մասնագէտներու կողմէ թեկնածու նկատուին 8-9 խումբեր:

Այդ թեկնածուները եղան Սպանիա, Գերմանիա, Պրազիլ, Արժանթին, Փորթուգալ, Ուրուկուէյ, Պելճիքա, Անգլիա եւ Խրուաթիա:

Սակայն դժբախտաբար անոնցմէ կէսէն աւելին չարդարացուցին իրենց վրայ դրուած յոյսերը:

Ինչ կը վերաբերի անոնց արձանագրած արդիւնքներուն, անոնցմէ ոմանք դուրս մնացին` նոյնիսկ չկարենալով հասնիլ քառորդ աւարտականին:

Ինչ կը վերաբերի մրցումներուն մակարդակին, իմ կարծիքովս, անոնք միջակէն վեր եղան:

32 խումբերուն բերդապահները սքանչելի էին:

Նոյնն էր պարագան իրաւարարներուն, որոնց կողմէ մեծ սխալներ չգործուեցան, բացի քանի մը փենալթիէ եւ օֆ-սայտէ, որոնք սակայն անմիջապէս սրբագրուեցան վիտէօ-թեքնոլոճիի շնորհիւ:

Լաւ իրաւարարներուն կարգին էր մանաւանդ արժանթինցի Փիթանա, որ շատ լաւ ֆիզիքական պատրաստութիւն ունէր, եւ անոր վստահուեցան 5 մրցումներ, որոնց կարգին` աւարտականի կարեւոր ճակատումը:

Մոնտիալին ընթացքին ականատես եղանք շարք մը հետաքրքրական եւ ուշագրաւ մրցումներու, որոնցմէ լաւագոյններէն մէկը եղաւ Սպանիա – Փորթուգալ ճակատումը (3-3): Յիշատակելի եղան նաեւ Գերմանիա – Հարաւային Քորէա (0-2), Ֆրանսա – Արժանթին (4-3) եւ այլ մրցումներ:

Բացայայտուեցան ֆութպոլի աստղեր, մանաւանդ ֆրանսացի 19 տարեկան Մպափէ եւ ուրիշներ, մինչ անուանի ֆութպոլիստներ, որոնց կարգին Ռոնալտօ եւ Մեսսի, չկրցան իրենցմէ ակնկալուածը տալ եւ նոյնիսկ փենալթիի հարուածները չկրցան կոլի վերածել:

64 մրցումի ընթացքին նշանակուեցաւ 169 կոլ, 29 փենալթի:

Իսկ մրցաշարքին մասնակցած 26 միջազգային իրաւարարները 4 անգամ գործածեցին իրենց կարմիր քարտերը:

Առիթը յարմար նկատելով կ՛ուզեմ որոշ հետաքրքրական տեղեկութիւններ բաժնել ընթերցողներուն հետ:

Մոնտիալին մասնակցած 32 խումբերու մարզիկներուն մարզաշապիկները Մոսկուայի մէջ ցուցադրութեան դրուեցան:

Նիկերիոյ շապիկը ընտրուեցաւ ամէնէն գեղեցիկը, եւ շաբթուան մը ընթացքին մէկ միլիոն մարզաշապիկ ծախուեցաւ:

Եգիպտոսի ֆութպոլի ազգային խումբին բերդապահը` Իսսամ, բոլոր մոնտիալներուն ամէնէն տարիքոտ ֆութպոլիստն էր:

Սպանիա – Իրան մրցումին (1-0) իրաւարարը (Ուրուկուէյէն) սուլեց 52 ֆաուլ:

Ֆրանսա – Պելճիքա մրցումին (1-0) ուրուկուէյցի իրաւարարը առաջին 13 վայրկեաններուն երբեք պէտք չունեցաւ գործածելու իր սուլիչը:

Փորթուգալցի Քրիսթիանօ Ռոնալտօ, որ ազգային խումբին հետ նշանակած է 85 կոլ, կոլով մը կը գերազանցէ հունգարացի Ֆերենք Փուշքաշը:

Յետադարձ ակնարկ մը նետելով այստեղ կ՛ուզեմ նշել կարեւոր կէտ մը, որ իսկապէս գնահատանքի արժանի է:

Մոնտիալի ազդանշանին տրուելէն 4-5 ամիս առաջ զգալի դարձաւ այն կարեւոր կէտը, որ Ռուսիա ժամանող զբօսաշրջիկներուն թիւը պիտի ըլլայ քիչ` նկատի ունենալով, որ պանդոկներուն մէջ կեցութեան գիները շատ սուղ էին:

Երկրին զբօսաշրջութեան նախարարութիւնը անմիջապէս տուաւ որոշում մը եւ յայտարարեց, թէ այդ գիները ճիշդ կէսի պիտի իջնեն:

Այդ իսկ պատճառով, Ռուսիա եկած մարդոց թիւը զգալիօրէն բարձրացաւ, եւ իւրաքանչիւր երկրի համակիրներուն թիւը գնահատուեցաւ 5-6 հազարով:

Ասոր շնորհիւ բոլոր մոնտիալներուն մէջէն ամէնէն շատ օտար հանդիսականներ ընդունած մոնտիալը եղաւ Ռուսիա-2018-ը:

Այժմ, 2018-ի մոնտիալը աւարտեցաւ, եւ պիտի սպասենք չորս տարի` Քաթարի մէջ տեղի ունենալիք 2022-ի մոնտիալին:

 

 

Նախորդը

Պասքեթպոլ. Աղջկանց Ա. Դասակարգի Խումբերը Ֆետերասիոնէն Կը Պահանջեն 2018-2019 Տարեշրջանին Գծով Յստակ Պատկերացում Մը

Յաջորդը

Յայտարարութիւններ (18 Յուլիս 2018)

RelatedPosts

Պասքեթպոլ.  Այսօր` Էն.Էս.Էյ.-ՀՄԸՄ
Մարզական

Պասքեթպոլ. Այսօր` Էն.Էս.Էյ.-ՀՄԸՄ

February 2, 2026
«Էմ.Էմ.Էյ.»  Հայ Մարտիկներ Յաղթանակներ Արձանագրեցին
Մարզական

«Էմ.Էմ.Էյ.» Հայ Մարտիկներ Յաղթանակներ Արձանագրեցին

February 2, 2026
Ֆութսալ.  Եուրոյի Գծով Հայաստանի Պատմական Մրցաշարքը Վերջ Գտաւ
Մարզական

Ֆութսալ. Եուրոյի Գծով Հայաստանի Պատմական Մրցաշարքը Վերջ Գտաւ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.