Լիբանանի աղջկանց պասքեթպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան մասնակցող խումբերուն ներկայացուցիչները, յատուկ ժողով մը գումարելով ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ (Նաքքաշ), Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնէն պահանջեցին յստակ պատկերացում մը տալ 2018-2019 տարեշրջանին վերաբերեալ:
Այս ժողովին ներկայ գտնուեցան Հուփսի նախագահ Ժասեմ Քանսօ, Էներժիի նախագահ Ղազի Պուսթանի, ՀՄԸՄ Անթիլիասի աղջկանց պասքեթպոլի խումբի ատենապետ Թալին Խաչատուրեան եւ խումբի թեքնիք տնօրէն Շատա Նասըր, Շեպիպեթ Շիահի նախագահ Ֆետի Թապեթ, Անդրանիկի նախագահ Վիգէն Չերչեան եւ խումբի թեքնիք տնօրէն Թոնի Ժունթոյեան եւ Ռիատիի ընդհանուր քարտուղար Թամմամ Ժարուտի:
Անոնք յայտարարեցին, թէ նախորդ տարեշրջանէն ուղղակիօրէն պատկերասփռուած մրցումներուն իրենց նիւթական հատուցումները չեն ստացած ֆետերասիոնէն:
Կարեւորութեամբ նշուեցաւ, որ խումբերը անորոշ վիճակի մը մատնուած են 2018-2019 տարեշրջանին գծով, այն իմաստով, թէ անիկա ե՞րբ պիտի սկսի, ախոյեանութեան օրէնքը ի՞նչ պիտի ըլլայ, քանի՞ խումբ պիտի մասնակցի ախոյեանութեան եւ թէ, խումբերը քանի՞ օտարական պիտի ունենան իրենց կազմերուն մէջ:
Ժողովականները յոյս յայտնեցին, որ ախոյեանութիւնը չորս ամիսէն աւելի չերկարի: